ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած համացանցային հարցախոյզի մը արդիւնքներուն համաձայն, ամերիկահայերու 97 տոկոսը դէմ է Ռիչըրտ Հոկլընտի Հայաստանի մէջ դեսպան նշանակումին:
Հարցախոյզը պատրաստուած եւ ապա կազմակերպուած էր Յանձնախումբին կողմէ, անցնող երկու շաբաթներու ընթացքին: Արդիւնքը լիովին կը համընկնի Հոկլընտի հարցով այն կեցուածքին, որ որդեգրած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը:
Հարցապնդումը համացանցի վրայ կատարուեցաւ Դեկտեմբեր 28 2006էն Յունուար 8, 2007 ինկող օրերուն միջեւ: Հոկլընտի նշանակումին մասին հարցումի մը պատասխանելով, հարցախոյզին մասնակիցներու 94 տոկոսը կտրուկ կերպով ընդդիմացած էր նշանակումին, մինչ ուրիշ 3 տոկոս մը պատասխանած էր, թէ «ձեւով մը համաձայն է» այս հարցով Յանձնախումբի որդեգրած կեցուածքին: Մէկ տոկոսը պատասխանած էր, թէ «որոշ չափով տարակարծիք է» Յանձնախումբի կեցուածքին, իսկ մնացեալ 2 տոկոսը՝ ամբողջութեամբ հակառակ է:
Յիշեցնենք, թէ Հոկլընտի հարցով ընդարձակ յօդուած մը լոյս տեսած էր «Լոս Անճելըս թայմզ» թերթի Կիրակի, Յունուար 7, 2007ի համարին մէջ, ուր պատմականը կը տրուէր դեսպան Ճան Էւընզի նշանաւոր յայտարարութենէն մինչեւ ծերակուտական Մենենտէզի կողմէ Հոկլընտի նշանակումին ընդդիմանալը երկարող դէպքերու զարգացումին:
Հետաքրքրական է նշել, որ յօդուածին մէջ կ’ըսուի, թէ «բոլոր ամերիկահայերը չեն, որ կ’ընդդիմանան Հոկլընտի նշանակումին: «Արմինեըն էսէմպլի»ն ըսած է, որ թէեւ ինք կ’ընդդիմանայ (Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու գծով) վարչակազմի քաղաքականութեան, սակայն պիտի զօրակցի Հոկլընտի»: