ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Մեր նախորդ թիւերով արդէն հաղորդած ենք, որ Երեքշաբթի, Յունուար 2ին, առաւօտեան ժամը 9ին Հ.Ե.Դ.ի եւ Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդի կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Ուիլշըր պողոտային վրայ գտնուող թրքական հիւպատոսարանին դիմաց սկսաւ երիտասարդական հացադուլ: «Ասպարէզ»ի մեր թղթակիցը Չորեքշաբթի կէսօրին այցելեց հացադուլ ընող երիտասարդներուն եւ մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեց հացադուլի նպատակներուն եւ մասնակիցներուն մասին:
Ոգեկոչական այս հացադուլին կը մասնակցին 19 հայ երիտասարդներ, գրեթէ բոլորն ալ ուսանողներ: Համալսարանական այս երիտասարդները տօնական այս օրերուն արձակուրդի մէջ են, իսկ իրենց ուսումը արդէն ամբողջացուցած մէկ երկու հոգին ալ արձակուրդ առած են՝ նեցուկ կանգնելու իրենց ընկերներուն նախաձեռնութեան: Մասնակիցներէն մէկը նոյնիսկ կորսնցուցած է իր աշխատանքը, որովհետեւ գործատէրը չէ ընդունած արձակուրդ տալ:
Ամբողջ աշխարհին մէջ Նոր տարուան յաջորդող օրերը կը յատկանշուին ուրախ եւ առատ կերուխումով, նաեւ արձակուրդի հաճելի մթնոլորտով: Այս իմաստով հացադուլի՝ յատկապէս այս օրերուն կազմակերպուիլը լուսաբանելու, նաեւ այդ արարքին նպատակին ու մանրամասներուն ծանօթանալու համար հարցումներ ուղղեցինք հացադուլը նախաձեռնողներէն Վաչէ Թովմասեանին: Վաչէն բացատրեց իրենց արարքին նպատակը: Նախ այս տղաքը կ’ուզեն բոլոր հայերուն եւ ի լուր աշխարհին ըսել, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը միայն Ապրիլ 24ին պէտք չէ արծարծել. այդ հարցը պէտք է մաս կազմէ իւրաքանչիւր հայու առօրեային:
Իսկ ինչո՞ւ յատկապէս այս տօնական օրերուն նախաձեռնեցիք հացադուլը հարցումին պատասխանը խորհրդանշական է: Սուրբ Ծննդեան այս ուրախ տօներուն անգամ մը եւս յիշեցնել բոլորին, որ հայ ժողովուրդը իբրեւ քրիստոնէութիւնը պետականօրէն ընդունող առաջին ազգ հաւատարիմ է իր արմատներուն, քրիստոնէական սկզբունքներուն եւ Քրիստոսի ծննդեան աւետիսին հետ կ’ուզէ յայտարարել, որ մենք դատ ունինք պաշտպանելիք:
19 սովորական հայ երիտասարդներ են ասոնք՝ ապագայ բժիշկներ, փաստաբաններ, քաղաքագէտներ, գիտնականներ, շրջանաւարտ գաղութիս հայկական կամ հանրային դպրոցներէն: Հացադուլի որոշում տուած են՝ հաւատալով հայ ժողովուրդի արդար դատին եւ ի յիշատակ իրենց նախնիներու, յատկապէս Ուրֆայի, Էրզրումի, Սասունի, Վանի, Նախիջեւանի, Շուշիի, Մալաթիոյ, Ալաշկերտի, Ատանայի, Զէյթունի, Եոզղաթի մէջ իրենց պապենական հողերէն բռնագաղթի ենթարկուած ու աքսորի ճամբաներուն նահատակուած մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն, գերդաստանի անշիրիմ մնացած բազմաթիւ անդամներուն:
Տղաքը բոլորն ալ խանդավառ են, ֆիզիքապէս առողջ եւ գիտակից իրենց արարքի լրջութեան: Արտակարգ որեւէ դէպք չէր պատահած այս երկու օրերու ընթացքին: Անցորդներէն ոմանք հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են, մանրամասն զրոյցի բռնուած տղոց հետ, որոնք թղթիկներ կը բաժնեն մարդոց: Նախապէս պատրաստուած այդ թռուցիկները երկու տեսակ են. առաջինը պատմական տեղեկութիւններ կու տայ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան մասին: Երկրորդը մարդոց կը բացատրէ, թէ իրենք ինչ կրնան ընել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման համար եւ նաեւ՝ ընդհանրապէս աշխարհի վրայ տեղի ունեցող ցեղասպանութիւնները կանխելու ի խնդիր: Հացադուլի մասնակիցները փորձած են թռուցիկ յանձնել թրքական հիւպատոսարանի պաշտօնատարներէն մէկուն, որ «քաղաքավարօրէն» մերժած է ընդունիլ: Ամբողջ օրուան ընթացքին քանի մը ոստիկաններ աչալուրջ կը հետեւին անցուդարձին: Յատկանշական է, որ օրէնքի պաշտպանները գիշերը չեն արտօնած զբաղեցնել շէնքին տարածութիւնը, յառաջ քաշելով շէնքի մասնաւոր սեփականութիւն ըլլալու փաստը, եւ տղաքը ստիպուած, փոխադրուած են գիշերելու մայթերուն վրայ: Նախապէս բաժնուած շրջաբերականը հացադուլաւորներու ընտանիքներուն տեղեակ պահած է, որ բոլոր 19 մասնակիցներն ալ ենթարկուած են բժշկական մանրակրկիտ քննութեան, առողջ են եւ հացադուլը վտանգ չի սպառնար իրենց կեանքին:
Երեկոները տղոց ընկերները, մտերիմները եւ ընտանիքի անդամները կ’այցելեն իրենց եւ ժամանակը արագ կ’անցնի, ինչպէս կատակով նշեցին իրենք: Վաչէ Թովմասեան չորս կէտերու մէջ ամփոփեց իրենց արարքին նպատակը.
Ա.- Նախ կ’ուզենք մենք մեզի յիշեցնել, որ մեր նախնիները ենթարկուած են 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան:
Բ.- Յայտարարել մեր բոլոր գաղութներուն, նաեւ Հայաստանի մեր հայրենակիցներուն, որ միայն Ապրիլ 24ը ոգեկոչելը չի բաւեր մեր պահանջատիրութեան պայքարը շարունակելու համար:
Գ.- Թրքական հիւպատոսարանը ընտրեցինք իբրեւ հասցէ՝ անգամ մը եւս յիշեցնելու համար Թուրքիոյ, որ հոս ենք, կանք եւ պիտի շարունակենք մեր պայքարը:
Դ.- Կ’ուզենք անգամ մը եւս յայտարարել աշխարհին, որ ցեղասպանութիւն գործելը առանձին ժողովուրդի մը հարցը չէ, ատիկա ոճիր է մարդկութեան դէմ, եւ մենք իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգի մը երրորդ սերունդի ներկայացուցիչներ, կը կանգնինք քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ ցեղասպանութեան ենթարկուղ ռուանտացի, տարֆուրցի, սուտանցի եւ այլ ժողովուրդներու կողքին:
Հացադուլի կազմակերպիչներէն Ռազմիկ Թովմասեան իր եւ իր ընկերներուն անունով կոչ ուղղեց իր սերնդակիցներուն՝ ըլլանք միակամ, գործենք միասին՝ ի շահ մեր դատի պաշտպանութեան, ի խնդիր մեր բոլորի հայրենիքին՝ Հայաստանի ազատ եւ բարգաւաճ գոյատեւման: Գործը մեզ կը սպասէ, ամէն ինչ մեզմէ կախեալ է:
Հացադուլին մասնակցող երիտասարդներն են.- Նարպէյ Ապուլեան, Շաղիկ Աղախանեան, Փաթիլ Ասլանեան, Շողեր Ասլանեան, Սօսէ Էսմայիլեան, Թալին Հէլվանի, Գասպար Ճիվէլէկեան, Րաֆֆի Խամիսեան, Թալին Մարտիրոսեան, Նարինէ Մելքոնեան, Պերճ Բարսեղեան, Արեգ Սանտիկեան, Աւօ Շանլեան, Սանան Շիրինեան, Վաչէ Սողոմոնեան, Ռազմիկ Թովմասեան, Վաչէ Թովմասեան, Թամար Եարտըմեան, Քրիս Եմէնէճեան: Աւելցնենք, որ առողջական պատճառներով, մասնակիցներէն երկուքը դադրեցուցին հացադուլը՝ բժիշկի որոշումով: