Հարցում մը, որուն բոլորս ալ պիտի ուզենք դրական պատասխան տալ, սակայն կրնանք վկայել, թէ ինչքա՜ն դժուար է այդ դրական պատասխանին հասնիլը: Այս օրերու տագնապալից կեանքի ընթացքին եւ զանազան կատարելիքներու ցուցակին հետ միասին հաւասարակշռել կեանքը այնպէս, որ աւելի երջանիկ ու խաղաղ ապրինք: Գոնէ այս վերջին երկու ածականները այնքան կարեւոր են մեզի համար, որ վստահաբար անոնք պիտի խթանեն մեզ հաւասարակշռուած կեանք մը ապրելու:
Հաւասարակշռել աշխատանքը, հանգիստն ու խաղը:
Այս մէկը կատարելու համար եկէք միասնաբար համաձայնինք հետեւեալներուն.-
1.- Ձեր ուղեղին ձեւով մը պարտադրեցէք անջատել եւ յստակ գիծով մը բաժնել աշխատանքը եւ տունը իրարմէ: Ընկերային հոգեբան մը կը վկայէ, թէ մեր կարողականութիւնը եւ գործի մէջ ցուցաբերած նուաճումները անուղղակիօրէն կ’առնչուին մեր անձնական կեանքի իրավիճակին: Երբ մենք ունինք այնպիսի անհատական պայմաններ, որ-ոնք կրնան մեզ երջանիկ պահել, բնականաբար անոր ցոլացումը պիտի երեւի մեր աշխատանքին մէջ: Կատարեալին ձգտելու համար բաւական հանդարտ պէտք է ըլլայ մեր միտքն ու մարմինը: Նաեւ պէտք է վարժեցնել մեր անձերը, որ գործի մտահոգութիւնները տուն չբերենք եւ զանոնք պահենք միայն գործի եւ աշխատանքային սահմաններէն ու ժամերէն ներս, այլապէս ամէն ինչ կրնայ տակնուվրայ ըլլալ եւ երբեք չենք հասնիր հանգստանալու: Այս մէկը եթէ շատ դժուար է իրագործել, վարժութիւն ըրէք գործէն ետք ձեր աշխատավայրին մէջ 15 վայրկեան առանձնանալ ու խոկալ միայն այս մտքին վրայ եւ փորձեցէք խոստանալ ձեր անձերուն երբեք չխօսիլ կամ չմտածել գործի մասին տուն դառնալէն ետք: Այս մէկը լաւագոյնս կրնաք կիրառել Ուրբաթ օրերը, անհոգ շաբաթավերջ մը ապրելու համար:
2.- Պարտականութիւնները թողէք ձեր աշխատավայրին մէջ: Բոլորս ալ մեր աշխատանքային ժամերուն պարտականութիւններ կատարելու իրավիճակին մէջ կը գտնուինք: Անզգալաբար մենք մեզ կը վարժեցնենք նման կացութիւններու մէջ մնալու եւ այդ մէկը ժամանակի ընթացքին կը նկատենք շատ բնական, սակայն մեր մարմինները նման պարագաները ընդունելու ի վիճակի չեն եւ երբեք բնական չեն նկատեր զայն: Այս մէկը մամինին եւ մեր էութեան վրայ գերլարուածութիւն եւ գերճնշում կը բանեցնէ: Խուսափելու համար հարկ է անգիտակից կերպով սովորութեան վերածուած այս արարքները փոխարինել գիտակից շարժումներու եւ մտածուած գործերու: Պէտք է կասեցնել միաժամանակ գործեր կատարելու վարժութիւնը: Պնակները լուացած ժամանակ հեռաձայնով խօսիլ, ճաշած ատեն վճարումներու ցանկը ստուգել եւ նմանօրինակ շատ աշխատանքներու միաձուլումը հարկ է անջատել: Այսպէս պիտի նուազեցնենք ձեր մարմինին եւ ուղեղին վրայ դրուած ճնշումը:
3.- Ձեր աշխատանքի շրջանակէն դուրս այլ ընկերական շրջանակներ կազմեցէք եւ միասին ժամանակ անցուցէք պարբերաբար: Բացի ձեր աշխատանքէն, ուրիշ հետաքրքրութիւններու ալ բաւարարութիւն տուէք, օրինակ՝ արուեստի դասարան մը յաճախեցէք կամ եոկայի արձանագրուեցէք: Այս նոր միջավայրը ձեզի ինքնաբերաբար պիտի անջատէ գործի մթնոլորտէն եւ պիտի փոխուին ձեր կացութիւնն ու խօսած նիւթերը:
4.- Սահմանափակեցէք աշխատանքի շուրջ ձեր կատարած խօսակցութիւնը: Եթէ ձեր բոլոր ընկերական շրջանակը կը պատկանի նոյն աշխատավայրին, իւրաքանչիւր ընկերական հանդիպումին սահմանափակեցէք աշխատանքի մասին կատարուած ձեր խօսակցութիւնները եւ միայն որոշ ժամանակ մը թոյլատրեցէք դուք ձեզի, որ խօսիք այդ նիւթերուն շուրջ: Մնացեալ ժամանակը տրամադրեցէք արուեստի լուրերու, կատակներու եւ այլ հաճելի ժամանցներու:
5.- Տունը ձեր հանգստարանը ըրէք: Տան մէջ յատուկ աշխատանք մը ըրէք, որ ինքնաբերաբար պիտի անջատէ ձեզ օրուան վազքէն ու տրամադրութենէն: Կրնաք կտաւ գնել եւ գծել կամ նոյնիսկ կրնաք ձեր ընկերներուն համար խտասալիկներ պատրաստել եւ, ինչու չէ, կարելի է նաեւ տան բարեզարդման ծրագիրներ մշակել եւ անոնցմով լեցնել մեր ժամերը: Այսպէս թէ՛ աւելի հաճելի պիտի անցնին գործէն ետք մեր ունեցած պատառիկ-ժամերը եւ թէ պիտի անջատուինք մեր աշխատանքային առօրեայէն:
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐ
Յոյսը յառաջացող մարդուն երազն է:
Յաջողութիւնը վերջնական չէ եւ ոչ ալ ձախողութիւնը՝ մահացու: Միայն գոյատեւելու քաջութիւնն է, որ կը համարուի ճիշդ, իրական եւ յարատեւող:
Կրթութեան արմատները լեղի են, սակայն անոր պտուղը շատ քաղցր է:
Արիստոտէլ
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Խնկունիով (Rosemary) Եւ Սխտորով Հաւ
Բաղադրեալներ
եփելու համար cooking spray
1-1/2 փաունտ առանց
ոսկորի եւ մորթի
հաւու կուրծքի միս
1 տուփ՝ 9 օզ. սառած կանկառ (artichoke)
12 պճեղ ճզմուած սխտոր
1/2 գաւաթ մանրուած սոխ
1/2 գաւաթ հաւու ոսկորներու ջուր
2 թ. դգալ չորցած եւ մանր քաշուած խնկունի
1 թ. դգալ լիմոնի տաշուք
1/2 թ. դգալ մանր քաշուած սեւ պղպեղ
1 ա. դգալ օսլա (corn starch)
քիչ մը ջուր օսլան լուծելու համար
լիմոնի շերտեր (ըստ փափաքի)
Պատրաստութեան Կերպը
1.- Յատակը չփակող տապակի մը մէջ ցրուեցէք spray-ը, շատ լաւ ձեւով տարածելով բոլոր կողմերը: Հաւու կտորները կարմրցուցէք եւ մէկ կողմ դրէք: Փոքր խորունկ ամանի մը մէջ դրէք հաւու ջուրը, խնկունին, լիմոնի տաշուքը եւ պղպեղը: Պատրաստուած խիւսը պարպեցէք բանջարեղէններուն վրայ եւ տեղադրեցէք զանոնք տապակին մէջ: Նաեւ փոխադրեցէք հաւու կարմրած կտորները տապակին մէջ:
2.- Ցած կրակի վրայ եփեցէք մինչեւ հաւու կտորներուն փափկանալը: Եթէ slow cooker ունինք, նախընտրելի է անոր մէջ եփելը: Այս պարագային աւելի երկար ժամանակ պիտի խլէ:
3.- Եփելէն ետք հաւու կտորները եւ կանկառը փոխադրեցէք հիւրասիրուելիք ամանին մէջ ու ծածկեցէք aluminum թուղթով, որպէսզի չպաղի: Մինչ այդ, օսլան լուծեցէք քիչ մը պաղ ջուրով եւ պարպեցէք տապակին մէջ ու խառնելով եփեցէք, մինչեւ որ հեղուկը թանձրանայ:
4.- Թանձրացած հեղուկը պարպեցէք հաւու կտորներուն վրայ եւ հիւրասիրեցէք լիմոնի շերտերով, եթէ կը փափաքիք: Կարելի է ասոր կողքին նաեւ հրամցնել բրինձով փիլաւ: Բարի ախորժակ: