Քանի մը տարիներ առաջ, «Համազգային»ի Փասատինայի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը աւելի քան վեց անգամներ յաջողութեամբ ներկայացուց իմ հեղինակած «Փոթորիկ՝ գաւաթ մը ջուրի մէջ» երկու արարնոց թատերախաղը, որ երկուորեակ երկու եղբայրներու կեանքէն վերցուած գեղեցիկ ու հետաքրքրական դէպքերու համադրումն էր:
Երբեք մտքիս ծայրէն չէի անցուցած, որ աւելի քան երկու դարեր առաջ իտալացի թատերագիր Կոլտինի ինքն ալ գրած ըլլար վենետիկցի երկուորեակ երկու եղաբայրներու մասին խաղ մը, որ թարգմանած եւ միաժամանակ հայացուցած էր Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Արտաւազդ» թատերախումբի վաստակաշատ բեմադրիչ եւ դերուսոյց Գրիգոր Սաթամեան եւ որ զայն յաջողութեամբ բեմադրեց 8 Սեպտեմբերէն սկսեալ եւ պիտի տեւէ մինչեւ 7 Հոկտեմբեր, 2007, իրարարայաջորդ շաբաթավերջերուն, Լոս Անճելըսի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ալթատինայի «Ալէք Մանուկեան» կեդրոնի թատերասրահին մէջ:
Անշուշտ երկու նիւթերը իրարանման չէին: Առաջինը՝ ամերիկեան, իսկ միւսը Վենիտիկի կեանքէն վերցուած կենցաղային պատկերներ էին: Բայց երկուքին ալ մօտ երկուորեակի գաղափարը կամ անոնց բեմին վրայ ներկայութիւնը թիւրիմացութիւններու ճամբայ բանալու կողքին նաեւ կը ստեղծէր որոշ հետաքրքրքութիւն ու սրահը միշտ բեմին կապուած կը պահէր:
Անցնելով այս թատերախաղին ըսենք, որ կը պատկանի իտալացի թատերագիր Քարլօ Կոլտոնիին, որ հանրածանօթ իր շուրջ 300 թատերախաղերով եւ որ կը նկատուի «Քոմետիա տէլ արթէ»ի հեղինակաւոր դէմքերէն մէկը: Այս տարի կը նշուի թատերագիր Կոլտինիի ծննդեան 300ամեակը:
Թատերգութեան գործողութիւնները տեղի կ’ունենային 18րդ դարու սկիզբին, Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին մէջ:
Այս եւ այլ մանրամասնութիւններուն կը ծանօթանանք թատերախաղին առթիւ պատրաստուած եւ հանդիսատեսին հրամցուած գրքոյկէն:
Պէտք է ըսել նաեւ, որ անձնապէս ներկայ եղած էի թատերախաղի Կալային, որ տեղի ունեցաւ վերը նշեալ սրահին մէջ, Կիրակի, 23 Սեպտեմբեր, 2007ի երեկոյեան ժամը 5ին:
Բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեան, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս գիտցած էր ստեղծել գլխաւորաբար երիտասարդներէ կազմուած միաձոյլ խումբ մը, հաւաքական խաղարկութեամբ, տպաւորիչ եւ նոյնքան ներդաշնակ:
Ինծի համար նիւթէն աւելի հետաքրքրականը այդ երիտասարդ տղոց բեմին վրայ յանդուգն ներկայութիւնն էր: Մէկ խօսքով, անոնց խաղարկութիւնը, ձայնի, բառի, խօսքի, հնչիւնի արտայայտչական ձեւերն ու ելեւէջները ըստ թատերական արուեստի պայմաններուն:
Մեծ կամ փոքր դերեր ստանձնած եւ իրենց դերերը լաւ սորված ու իւրացուցած դերասաններ, իրենց վստահուած դերերը հրամցուցին ու կարողացան զանոնք վերածել հարազատ տիպարներու, իւրաքանչիւրը մարմնաւորելով պահանջուած կերպարը:
Թատերախումբի հին կամ վեթերան քանի մը դերասաններուն կողքին կային նաեւ աւելի քան տասը երիտասարդ դերասաններ, որոնք ապացուցեցին, թէ իրենք վարպետ եւ մասնագէտ բեմադրիչ եւ դերուսոյց Սաթամեանի առաջնորդութեամբ կրնան հրաշալի գործեր կատարել եւ միաժամանակ ստանձնել իրենց վստահուած տիպարին բոլոր յատկանիշները:
Խաղին պարզ բեմայարդարանքը, գեղեցիկ հանգոյց մը կազմելով, խաղարկութեան բնական ու հեզասահ գնացքը ապահովեց: Ասոր վրայ կ’աւելցնենք նաեւ բեմադրիչին այս խաղին յատուկ բեմական նոր հնարքը, որ էր առանց սուրերու իսկական ներկայութեան՝ դերասաններու սուսերամարտն ու այս կռուին ընթացքին սուրերու կռիւէն լսուող մետաղին ձայները, որոնք բոլորովին յաջող նորութիւններ էին՝ իրենց ձայնային եւ շարժումի ճշգրիտ «թայմինկ»ով:
Անկասկած, որ հանդիսատեսը մեծապէս տպաւորուեցաւ երիտասարդներու այս խաղարկութենէն, որուն շնորհիւ «Արտաւազդ» թատերախումբը նոր նուաճում մը արձանագրեց թատերական իր կենսագրութեան մէջ:
Այսպէս դերասանական 15 անդամներէ բաղկացած կազմին մէջ, ներկայացման գլխաւոր դէմքը՝ երկուորեակ Զանէթթօ եւ Թօնինօ եղբայրներու դերերը ստանձնած էր Արի Լիպարիտեան, որ խաղին ամբողջ տեւողութեան հարազատօրէն մնաց իր կերպարին մէջ: Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ Արամ Մուրատեանին՝ Փանքրացիոյի իր դերով:
Իսկ մնացեալները, ոմանք կարճատեւ, իսկ ուրիշներ երկարատեւ երեւումներով պահեցին թատերախաղին ընդհանուր մթնոլորտին հարազատութիւնը:
Թատերախաղի մէջ փոքր կամ մեծ դերեր չկան, այլ կայ կերպարը մարմնաւորելու հարազատութիւնը, շարժուձեւերու բնական ընթացքը: Անոր կողքին իր դերասանական շնորհները բացայայտեցին Նարինէ Աւագեանը «Ռոզուրայի, իսկ Մարիա Շաքլեան Քոլոմպինայի դերերով:
Խոստումնալից դերակատարներ են, եթէ շարունակեն իրենց այս ընթացքը:
Այս մատնանշումը կատարելէ ետք, կ՚ուզեմ յիշել միւս դերակատարները մուտքի կարգով՝ Նաթալի Ճանսըզեան՝ սիրոյ չաստուածուհի, Յարութիւն Թումայեան՝ դոկտ. Պալանծոնի, Հրաչ Աճէմեան՝ Պրիկելլա, Մարալ Գոճայեան՝ Պէաթրիչէ, Տիգրան Ալթունեան՝ Ֆլօրինտօ, Ռաճըր Թոմաս՝ ծառայ եւ պահակ, Արէթ Քուրեան՝ Լէլիօ, Յարութիւն Ֆաքճեան՝ Արլեքինօ, Գրիգոր Սիմոնեան՝ բեռանկիր եւ պահակ, Ալեքս Խորշիտեան՝ ոստիկան եւ Սագօ Պետրոսեան՝ Թիպուրցիօ, որոնք բոլորն ալ մեկնաբանեցին իրենց վստահուած դերերուն միտքն ու խորքը:
Յաջողութեան բարենիշը անկասկած նախ կ՚երթայ բեմադրիչին, որ կարողացած էր թատերախումբին մանաւանդ երիտասարդ ու շնորհալի տարրերը շաղախել, թրծել, թափանցելու համար թատրերկի հեղինակին մորթին մէջ:
Ասոր վրայ իբրեւ յիշատակում կ’աւելնան նաեւ Ռուբէն Հարմանտայեան եւ Մարօ Աճէմեան՝ իբրեւ բեմավարներ, օգանական ունենալով Մարինա Մսըրլեանը, տէքորներու շինութիւնն ու բեմայարդարումը՝ Հրաչ Աճէմեան, Սերժ Նաւեան եւ Րաֆֆի Պոյաճեան հագուստներու պատասխանատուներ Անահիտ Հարմանտայեան եւ Գրիգոր Սաթամեան, բեմի առարկաներ՝ Արփի Էմիրզեան, ձայն եւ լուսաւորում՝ Րաֆֆի Գալեմքարեան, իսկ վարսայարդարում՝ Անուշ Նաճարեան:
Թատերախաղէն ետք Կալայի առթիւ հրամցուած ճաշկերոյթի պաշտօնական բաժնին, Ա. Մանուկեան Կեդրոնի «Պոյաճեան» սրահին մէջ, «Արտաւազդ» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Սամուէլ Իլանճեան իր սրտի խօսքով, կրկին անգամ շնորհաւորեց խումբն ու բեմադրիչը ու բարձր գնահատանկով՝ անդրադարձաւ անոնց հայ բեմին ու թատրոնին հանդէպ ունեցած անսակարկ զոհողութեն ու անհուն սիրոյն:
Նոյն խորքով եւ արտայայտութեամբ ելոյթ ունեցաւ նաեւ բեմադրիչ Սաթամեան եւ բացայայտեց, թէ թատերախումբը «Լարք» երգչախումբի ղեկավար Վաչէ Պարսումեանի հետ միատեղ, յառաջիկայ Մարտին հանրութեան պիտի ներկայացնէ Տիգրան Չուխաճեանէն «Զէմիրէ» օփէրէթը: