ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Յուլիս 31ին Համաշխարհային դրամատան տնօրէններու խորհուրդին ներկայացուեցաւ Հայաստանի ոռոգման համակարգերու զարգացման ծրագիրի համար յաւելեալ 5 միլիոն տոլար տրամադրելու հարցը՝ առ ի վաւերացում:
Ըստ դրամատան Երեւանի գրասենեակի արտաքին կապերու պատասխանատու Վիգէն Սարգսեանի, գումարը պիտի տրամադրուի ոռոգման համակարգի ցանցերու վերանորոգութեան եւ ջուր օգտագործողներու ընկերութիւններ հիմնելու նպատակին: