Երէկ, Երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 9ին, Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին դիմաց սկսաւ Հ.Ե.Դ.ի եւ Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդի կազմակերպած հացադուլը:
19 երիտասարդներ սկսան «Ոգեկոչման հացադուլը», իբրեւ բողոք թրքական ուրացման քաղաքականութեան դէմ: Հայ երիտասարդներու այս բողոքի քայլին արձագանգելու համար ներկայ էին թղթակիցներ, ինչպէս նաեւ հեռատեսիլի 2րդ, 5րդ, 7րդ, 11րդ եւ այլ կայաններու նկարահանող խումբեր: