Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (ՀԵՀՈՄ) այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 60ամեակը՝ ձեռնարկելով հայ ուսանողութիւնը հայ ինքնութեան հետ կապող զանազան ծրագիրներու, Արամ Ա. կաթողիկոսին 2023ը Սփիւռքի վերակազմակերպման տարի հռչակման ծիրին մէջ:
Առ այդ, Շաբաթ, 25 Մարտի առաւօտուն, օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ ընթացք առաւ վերոյիշեալ ծրագիրներու սեմինարներերու շարքին առաջինը, աջակցութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին: Միօրեայ այս առաջին սեմինարը կրեց «Հայ համալսարանականը՝ մշակոյթի դեսպան» նիւթը, որուն անդրադարձ կատարուեցաւ գիրի ու գրականութեան մշակոյթի եւ ուսման տեսանկիւններէն:
Բացման խօսքը արտասանեց ՀԵՀՈՄի ատենապետ Սէրուժ Խանճիհանեան, որ վեր առնելով հայ մշակոյթը՝ ընդգծեց Սփիւռքի մէջ հայօրէն ապրելու կոչուած հայ երիտասարդին պարտականութիւնը: Ան շեշտեց մշակոյթին էական դերը ինքնութեան պահպանման մէջ եւ այս բոլորը դիտել տուաւ՝ մեկնելով վեհափառին 2023 տարուան հռչակագիրին մէջ հնչած Սփիւռքի վերականգման ու վերակազմակերպման կոչէն:
Օրուան առաջին կիսուն, բացման նիստին, կաթողիկոսը երկխօսութիւն ունեցաւ մասնակցող երիտասարդներուն հետ, որոնք եկած էին լիբանանահայ վարժարաններէ եւ երիտասարդական ուսանողական զանազան միութիւններէ: Իր խօսքին մէջ հայրապետը կեդրոնացաւ Սփիւռքի վերականգման աշխատանքներուն մէջ մշակոյթին կարեւորութեան վրայ եւ այս իմաստով մատնանշեց երիտասարդներուն դերակատարութիւնը: Ապա, մասնակցողները աւելի խորացան նիւթերուն մէջ կլոր սեղանի մը միջոցաւ՝ Լուիզա Պապոյեանի, դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի եւ Զաքար Քէշիշեանի հետ, զրուցավար ունենալով Արազ Գոճայեանը: Կէսօրուան ճաշի դադարէն ետք, մասնակցողները հաւաքական աշխատանոց մը ունեցան՝ հայ մշակոյթը արդիական կերպերով հանրութեան ներկայացնելու թեմայով, գլխաւորութեամբ դոկտ. Քրիստին Արզումանեան-Ղազարեանի:
Հայրապետ-ուսանող զրոյցի ընթացքին, կաթողիկոսը իր խօսքը սկսաւ բարձր գնահատելով ուսանողներուն մասնակցութիւնը այս ծրագիրին եւ ՀԵՀՈՄի նախաձեռնութիւնը՝ նշելով, որ ասիկա պերճախօս վկայութիւն է երիտասարդութեան կապուածութեան մեր ժողովուրդի արժէքներուն, մշակոյթին, աւանդին ու պահանջատիրութեան՝ հակառակ առօրեայ կեանքին մէջ տիրող ընկերատնտեսական բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն:
Երիտասարդներուն հետ զրոյցի ընթացքին հայրապետը նաեւ խօսեցաւ հայու ինքնութեան, Արցախի ու Հայաստանի ներկայ իրավիճակին, Լիբանանի տագնապին եւ երիտասարդութեան վրայ Սփիւռքին անկազմակերպուածութեան ժխտական ազդեցութեան մասին:

Օրուան երկրորդ նիստին տեղի ունեցաւ կլոր սեղանը: «Հայ համալսարանականը՝ մշակոյթի դեսպան» թեմային դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան անդրադարձաւ գիրի ու գրականութեան, Զաքար Քէշիշեան՝ մշակոյթին եւ Լուիզա Պապոյեան՝ ուսման ընդմէջէն: Զրոյցը վարեց Արազ Գոճայեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց հիւրերը ու առաջին հերթին խօսքը փոխանցեց մասնակցող երիտասարդներուն, որպէսզի աւելի քան ժամ մը տեւած վեհափառին հետ զրոյցէն բխած գաղափարներուն մասին առիթ ունենան աւելի խորանալու. իսկ երեք զրուցակիցները իրենց փորձառութիւններէն եւ մասնագիտութիւններէն մեկնելով՝ աւելի հարստացուցին զրոյցը եւ հարցերու պատասխան տուին:
Կլոր սեղանին ընթացքին առաւելաբար անդրադարձ կատարուեցաւ սերունդներուն լեզուամտածողութեան տարբերութեան՝ ի միտի ունենալով ներկայ դարուն արհեստագիտութիւնը, տարբեր սերունդներու միտքերու արտայայտութեան մակարդակին, ժողովրդական մշակոյթին համաշխարհայնացման, ասպարէզի ընտրութեան մէջ ներկայ ընկերատնտեսական իրավիճակին ազդեցութեան, առօրեայ կեանքէն անդին հայերէն լեզուի օգտագործման սահմանափակումներուն ու առիթներուն եւ անցեալէն սորվելով ու ներկայ առիթներէն օգտուելով դէպի ապագայ նայելու մասին: Կլոր սեղանին ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ հայ մշակոյթի դեսպան ըլլալու կերպերուն մասին, ուր հայ երիտասարդը պէտք է տիրապետէ իր մշակութային արժէքներուն ու աւանդներուն եւ իմանայ օտար մշակոյթներու մասին:
Սեմինարին վերջին բաժինով դոկտ. Քրիստին Արզումանեան-Ղազարեան ներկայացուց ներկայ դարուն մեր ունեցած հմտութիւնները եւ ստեղծագործութիւնները լաւապէս տարածելու եւ անոնց շուրջ հետաքրքրութիւն ստեղծելու մասին:
Աշխատանոցին ընթացքին, մասնակիցները բաժնուեցան վեց խումբերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ընտրեց մշակութային արժէք մը եւ աշխատանոցէն սորված հմտութիւնները օգտագործելով՝ նորօրեայ branding-ով ծանուցելու ծրագիրներ մշակեց:
Աւարտին, ՀԵՀՈՄի հոգեւոր խորհրդատու Զաւէն վրդ. Նաճարեան իր փակման խօսքը արտասանեց։
Նշենք, որ ՀԵՀՈՄի 60ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին ցարդ տեղի ունեցած է միջ-դպրոցական հայերէն մեքենագրութեան եւ նուագի մրցաշարքերը, իսկ ընթացքի մէջ են նախկին անդամներու, ատենապետներու եւ հոգեւոր խորհրդատուներու հետ հանդիպումները: