ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 1էն ետք, Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան շուկան պիտի ազատականացուի, ինչ որ հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի Օգոստոս 24ի նիստին «ԱրմէնԹել» ընկերութեան տրամադրուած թիւ 60 արտօնագիրի մէջ կատարուած փոփոխութիւններու պահանջն է:
Յիշեցնենք, որ «ԱրմէնԹել»ի համացանցային շարք մը այլ ծառայութիւններ մատուցելու մենաշնորհը վերցուած էր աւելի կանուխ:
Շուկայի ազատականացումը պէտք է ըլլար Նոյեմբեր 14ին, սակայն մշակուած գործողութիւններու ժամանակացոյցի շնորհիւ, հնարաւոր եղաւ զայն գործադրել նշուած ժամկէտէն 1.5 ամիս շուտ:
Յայտնենք, որ Հայաստանի մէջ հաստատուն (ոչ շարժական) կապի բաժանորդներու ընդհանուր թիւը (2006ի տուեալներով) 593,328ն է, որոնցմէ 296,989ը Երեւանի եւ 296,339ը՝ շրջաններուն մէջ եւ մինչեւ 2006ի աւարտը թուայնացուած է բաժանորդներու 43.4 տոկոսի հեռաձայնային կապը: