ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Յունիս 28-30ին, Երեւանի մէջ պիտի գումարուի հերթական համահայկական բժշկական համագումարը, յայտնեց առողջապահութեան նախարարութեան միջազգային կապերու բաժինի պետ Հայկ Գրիգորեան եւ նշեց, որ համագումարի օրերուն տեղի պիտի ունենայ նաեւ յարակից խորհրդաժողով՝ միջազգային գործունէութեան կապեր հաստատելու եւ մարզային բժիշկներուն արդիական տեղեկատուութիւն տրամադրելու նպատակով:
Խորհրդաժողովին պիտի քննուին մասնաւորապէս ոլորտի տարբեր ճիւղերու խնդիրներ: Նշուեցաւ նաեւ, որ համագումարի երրորդ օրը պիտի նուիրուի առողջապահութեան ոլորտին մէջ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուող հարցերուն:
Գործակցութեան համար որպէս հեռանկարային ընտրուած են, մասնաւորապէս, ջղաբանութեան եւ հոգեկան առողջութեան, մօր եւ մանկան առողջութեան, ինչպէս նաեւ հանրային առողջապահութեան բնագաւառները: