ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Չորեքշաբթի, Յունուար 17ին, Իսրայէլի զինուորական ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Տէն Հալուց յայտարարեց, թէ որոշած է հրաժարիլ իր պաշտօնէն, տեղի տալով լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան դէմ զինուորական ձախողած գործողութենէն ետք իր եւ իսրայէլացի այլ բարձրաստիճան ղեկավարներու դէմ տեղի ունեցող խիստ քննադատութիւններուն:
Իսրայէլեան շարք մը թերթեր այս լուրը «երկրաշարժ» մը նկատեցին Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթի կառավարութեան համար, իսկ կարգ մը քաղաքական մեկնաբաններ յայտնեցին, թէ պաշտպանութեան նախարար Ամիր Փերէց եւ նոյնինքն վարչապետը եւս պէտք է իրենց հրաժարականները ներկայացնեն, որովհետեւ Հալուցի հրաժարականը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ Լիբանանի դէմ պատերազմը ձախողութեամբ աւարտած է:
58ամեայ Հալուց յայտնեց, թէ իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ նոր հրամանատարի մը նշանակումը, որու համար վարչապետը շարք մը խորհրդակցութիւններ կը ծրագրէ քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներու հետ:
Վերջին հարցախոյզերուն համաձայն, իսրայէլացիներուն միայն 14 տոկոսը Օլմերթի որդեգրած քաղաքական ընդհանուր վարքագիծին համաձայն է, եւ նոր ընտրութեան մը պարագային ընդդիմադիր «Լիքուտ» կուսակցութիւնը հաւանականութիւնը ունի եռապատկելու խորհրդարանի իր 11 աթոռները:
«Հըզպալլա»ի դէմ զինուորական գործողութեան հետեւանքով աւելի քան 1200 լիբանանցիներ եւ 160 իսրայէլացիներ սպաննուած էին: