ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան իր դաշնակիցներուն կոչ ըրաւ հիւսիսային Իրաքի մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն գործունէութեան վերջ դնելու իրենց խոստումը յարգելու։ Էրտողան յայտնեց. «Կ՚ուզենք, որ անոնք խօսքէն գործի անցնին»։
Ըստ թրքական լրատու աղբիւրներու, Թուրքիոյ կառավարութիւնը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի քննէ հիւսիսային Իրաքի մէջ զինուորական գործողութեան մը կարելիութիւնը, սակայն խորհրդարանէն այդպիսի գործողութեան մը վաւերացումը պահանջելը Միացեալ Նահանգներու եւ Իրաքի հետ Թուրքիոյ յարաբերութեան մէջ լարուածութիւն պիտի ստեղծէ։ Ուաշինկթըն եւ Պաղտատ կ՚ընդդիմանան թրքական միակողմանի զինուորական քայլի մը, այն մտավախութեամբ, որ ան կրնայ Իրաքի յարաբերաբար միակ խաղաղ շրջանը ապակայունացնել։
Հիւսիսային Իրաքի կիսանկախ քրտական շրջանի նախագահ եւ Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Մասուտ Պարզանի զգուշացուց, որ Թուրքիոյ կողմէ հիւսիսային Իրաքի մէջ շղթայազերծուելիք զինուորական գործողութիւն մը ամբողջ շրջանին համար ահաւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ։ «Եուրոնիուզ» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Պարզանի յայտնեց, թէ «անիկա ամբողջ շրջանին մէջ աւերիչ պատերազմ մը պիտի յառաջացնէ»։
Պարզանի նշեց, որ ոչ միայն իրաքցի քիւրտերը, այլ նաեւ այլ ազգային կամ յարանուանական խմբաւորումներ եւս դէմ պիտի դնեն թրքական գործողութեան։ «Հարցը ամբողջ Իրաքին կը վերաբերի, որովհետեւ իր գերիշխանութեան բռնաբարում պիտի ըլլայ», ըսաւ Պարզանի։ Պատասխանելով հարցումի մը, թէ ամերիկեան ուժերը Իրաքի մէջ պէ՞տք է աւելի երկար ժամանակ մնան, ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու Իրաքի մէջ ներկայութիւնը կարեւոր է ու կենսական։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններէն երկու շաբաթ առաջ, ընդդիմութիւնը կը փորձէ շահագործել կառավարութենէն հիւսիսային Իրաք մուտք գործելու թրքական բանակի պահանջը: Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնն ու ազգայնամոլներու Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը յայտարարեցին, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մեծագոյն արգելքը կառավարութիւնն է: