ԱՐՊԻԼ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Իրաքի քրտական կուսակցութիւնները իրենց անհանգստութիւնը յայտնեցին հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ դնելու նպատակով Իրաքի կառավարութեան ու Թուրքիոյ իշխանութեանց միջեւ գործակութեան մասին տեղեկութեանց առնչութեամբ:
Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն մէկը յայտնեց, որ «առանց մեր հաւանութեան որեւէ որոշում չի կրնար յաջողիլ։ Անոնք բոլոր հանգրուաններուն հարկ է մեզի հետ խօսին եւ խորհրդակցին։ Անոնք առանց մեզի ոչինչ կրնան իրագործել»։
Իրաքի նախագահ Ճալալ Թալապանիի Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութեան պաշտօնատարը Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի Անգարա այցելութեան մասին իր յոռետեսութիւնը չծածկեց։ Այցելութիւնը մեծ մասամբ պիտի յատկացուի Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ գործակցելու կարելիութիւնները քննելու հարցին եւ հաւանաբար տեղի ունենայ Օգոստոս 7ին։ Պաշտօնատարը նաեւ յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առնչութեամբ միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելու փորձերը պիտի ձախողին։
Թուրքիա կը մերժէ քրտական կազմակերպութեանց հետ բանակցիլ, մինչեւ որ վերջիններս Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ շօշափելի քայլերու չդիմեն։
2004 եւ 2005 թուականներուն Թուրքիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Իրաքէն բարձրաստիճան զինուորականներ, ինչպէս նաեւ քրտական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ երկու անգամ հանդիպում ունեցան՝ փորձելով Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ պայքարին մէջ համագործակցելու միջոցներ գտնել։ Հանդիպումները հետագային Թուրքիոյ կողմէ առկախուեցան։
Միացեալ Նահանգներ ներկայիս կը փորձէ Թուրքիան համոզել, որ բանակցութեանց սեղան վերադառնայ։
Թուրք դիւանագէտ մը թրքական «Թըրքիշ տէյլի նիուզ» օրաթերթին յայտնեց, որ «մենք որեւէ տարազի, ըլլայ անիկա երկկողմանի կամ եռակողմանի, պատրաստ ենք։ Բայց եւ այնպէս Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութեան եւ Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան հետ այսպիսի հարցերու վերաբերեալ սակարկութիւն պիտի չկատարենք»։ Թուրքիա նշեալ կուսակցութիւնները կ՚ամբաստանէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զօրակցելու յանցանքով:
Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութեան պաշտօնատարը քննադատեց Պաղտատի եւ Անգարայի կողմէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ միացեալ քայլերու վերաբերեալ միացեալ յայտարարութիւն մը կատարելու մասին խօսքերը, ինչպէս նաեւ «Ուաշինկթըն փոսթ»ի մէջ լոյս տեսած յօդուած մը, որ կը յայտնէր, թէ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ հետ միասին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ գաղտնի գործողութիւն մը կը ծրագրեն։