
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հայկական կրթական բարեսիրական միութեան (ՀԿԲՄ) Կրթանպաստներու յանձնախումբը կը յայտարարէ, որ 2023-2024 տարեշրջանի կրթանպաստներու դիմումները պիտի սկսի ընդունի 1 Ապրիլէն։
Մինչեւ 2000 տոլար կրթանպաստներ պիտի յատկացուին արժանի ուսանողներու, որոնք կը յաճախեն քառամեայ համալսարաններ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Դիմողները պէտք է ըլլան հայկական ծագումով, ունենան նուազագոյնը 3.5 GPA, եւ գործունեայ ըլլան հայկական կազմակերպութիւններու մէջ:
Պայմանները լրացնող ուսանողները կրնան այցելել կայքէջը` յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ դիմումնագիրներ ստանալու համար։
Դիմումները պէտք է ներկայացուին առցանց կամ նամակատան միջոցաւ, մինչեւ 30 Յունիս 2023։ Նամակով դիմումները պէտք է ուղարկուին AEBU Scholarship Committee, 1060 N. Allen Ave. Pasadena, CA 91104 հասցէին։ Նաեւ կարելի է հեռաձայնել (626) 344-7321 թիւին` յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար։
ՀԿԲՄը իր տարեկան նպաստները կը յատկացնէ մրցակցային հիմքերով եւ վերաքննութենէ ետք: Կրթանպաստի արժանացած ուսանողներու անունները պիտի յայտարարուին առցանց` մինչեւ 1 Օգոստոս: Կրթանպաստներու յանձնման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 27 Օգոստոսին` ծնողներու եւ միութեան բարեկամներու ներկայութեան։
Հայկական կրթական բարեսիրական միութիւնը հիմնուած է 1969ին, խումբ մը նուիրեալներու կողմէ, որոնք հաւատացած են կարիքաւոր ուսանողներուն օգտակար դառնալու առաքելութեան: Մենք կը հաւատանք, որ ուսանողական նպաստները կարեւոր ներդրումներ են մեր երիտասարդներու կրթութեան` կերտելու համար աւելի փայլուն ապագայ մը:
Մեր ծրագիրներուն օժանդակելու համար կը խնդրենք այցելել https://aebu.org/donate/ կայքէջը:
ՀԿԲՄը Քալիֆորնիոյ մէջ հաստատուած բարեսիրական կազմակերպութիւն է եւ ունի ոչ-հասութաբեր section 501 (c) (3) Internal Revenue Code. Tax ID # 95-3796531 կարգավիճակ:
(Հաղորդագրութիւնը՝ ՀԿԲՄէն)