Չորեքշաբթի երեկոյեան ժամը 8ին, Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Լիլոյեան այցելեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի «Փէշէքէրեան» կեդրոն, Կլէնտէյլ, ուր արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան:
Գլխաւոր հիւպատոսը դիմաւորելու եկած էին Հայ Դատի Յանձնախումբի, ՀՕՄի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց, Ազգային վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեանց, Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմնի, ինչպէս նաեւ Հ.Ե.Դ.ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները եւ «Հորիզոն» հեռատեսիլի ու «Ասպարէզ» օրաթերթի պատասխանատուներ:
Արմէն Լիլոյեան, ընկերակցութեամբ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեանի, այցելեց շէնքէն ներս գտնուող բոլոր գրասենեակները եւ ծանօթացաւ հոն տարուող աշխատանքներուն:
Դաշնակցութեան տան այս յարկէն ներս, գլխաւոր հիւպատոսը մէկ առ մէկ ծանօթացաւ ներկաներուն Աւետիք Իզմիրլեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց գլխաւոր հիւպատոսին, ուրախութիւն յայտնելով այս այցելութեան առթիւ: Ան յայտնեց, թէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի մեծ ընտանիքը, ինչպէս նաեւ ուղեկից միութիւնները ջերմօրէն կը դիմաւորեն անկախ Հայաստանի պաշտօնական ներկայացուցիչը նաեւ այն խոր հաւատքով, որ հետագայ օրերուն գործակցութիւնը նոր թափ պիտի ստանայ ՀՀ հիւպատոսարանին հետ:
Իր կարգին խօսք առնելով, գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Լիլոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն վերապահուած այս ջերմ ընդունելութեան համար: Ան ըսաւ, թէ այս իր պատասխան այցելութիւնն է Կեդրոնական Կոմիտէի հիւպատոսարան տուած այցելութեան՝ իր նշանակումին առիթով: Գլխաւոր հիւպատոսը նաեւ վստահութիւն յայտնեց, որ գործակցութիւնը պիտի խորանայ՝ միշտ ի նպաստ մեր ընդհանուր շահերուն:
Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որու ընթացքին ներկաները աւելի մտերմիկ կերպով զրուցելու եւ աւելի մօտէն ծանօթանալու առիթ ունեցան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Լիլոյեանի հետ: