ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Դեկտեմբեր 20ին, Հայաստանի խորհրդարանի արտահերթ նստաշրջանի ընթացքին, կառավարութեան կողմէ երկրորդ ընթերցման ներկայացուեցաւ քայլերգի օրինագիծը: Ըստ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի, առաջին ընթերցումէն յետոյ պատգամաւորները ներկայացուցած են 35 առաջարկներ, որոնցմէ 29ը ընդունուած է:
Նախարարը ներկայացուց կատարուած փոփոխութիւնները, որոնց մեծամասնութիւնը խմբագրական բնոյթ ունէր: Նախագիծին մէջ պահպանուած էր անցումային դրոյթը, ըստ որուն՝ երկրին քայլերգը «Մեր հայրենիք»ն է, մինչեւ նոր օրհներգի բառերը եւ երաժշտութիւնը օրէնքով սահմանելը:
Այս դրոյթի շուրջ կատարուած քննարկումներու ընթացքին, պատգամաւոր Վիքթոր Դալլաքեան զայն համարեց «անյարգալից վերաբերմունք ՀՀ պետական խորհրդանիշերից մէկի՝ օրհներգի նկատմամբ»: Բացի այդ, ըստ Դալլաքեանի. «Դրոյթը քննադատութեան չի դիմանում նաեւ իրաւական առումով, քանի որ նոյն տրամաբանութեամբ իւրաքանչիւր օրէնքի անցումային դրոյթում պէտք է ամրագրուի, որ այն ուժի մէջ է մինչեւ նոր օրէնքի ընդունումը»:
Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար Գեղամ Մանուկեան, համամիտ գտնուելով Վ. Դալլաքեանի գնահատականներուն, պատգամաւորներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց յաւելուածին մէջ տեղ գտած թերութիւններուն վրայ: Ան պնդեց անցումային դրոյթը հանելու Հ.Յ.Դ.ի դիրքորոշումը, հակառակ պարագային, ներկաներուն կոչ ուղղեց չմասնակցիլ քուէարկութեան:
ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեան նոյնպէս համաձայնեցաւ, որ իրաւական առումով անցումային դրոյթը որեւէ բացատրութիւն չունի: Ան նկատեց, որ օինագիծերու վերաբերեալ եզրակացութիւն կու տայ արդարադատութեան նախարարութիւնը, եւ այստեղ առաջին պատասխանատուն այդ գերատեսչութիւնն է. «Ստեղծուած իրավիճակը ցաւալի է, բայց, կարծում եմ, որ պէտք է այս արտահերթ նստաշրջանից դուրս գանք խնդիրը լուծած. անընդունելի ու վիճայարոյց ձեւակերպումները եւ անցումային դրոյթի այս ձեւակերպումը, որը իրաւական որեւէ հիմնաւորում չունի, չպէտք է մեզ ստիպեն, որ շարունակենք մնալ առանց օրհներգի: Այս արտահերթը պէտք է աւարտենք գոնէ խորհրդարանում ընդունուած օրհներգ ունենալով», նշեց ԱԺ նախագահը:
Նախագիծի քուէարկութիւնը կը նախատեսուի Դեկտեմբեր 21ի նիստին: