![](https://asbarez.am/wp-content/uploads/2022/09/Jirair-Sarkissian-Photo-1-924x1024.jpg)
Կիրակի, 21 Օգոստոս 2022ին, ՀՄԸՄի ընտանիքը կորսնցուց համահայկական իր կառոյցի վաստակաշատ ու երախտաշատ դէմքերէն՝ եղբ. Ժիրայր Սարգիսեանը։ Մէկը, որուն անունը ծանօթներուն համար հոմանիշ էր անմնացորդ ծառայութեան, անշահախնդրութեան, արդարամտութեան եւ պարկեշտութեան։
Եղբ. Ժիրայր Սարգիսեան ծնած է 1940ին, Պէյրութ, Լիբանան։ Կրթութիւնը ստացած է Էշրէֆիէի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանին եւ Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանին մէջ, իսկ կազմաւորումը՝ Էշրէֆիէի ՀՅԴ «Ազատամարտ» ակումբին եւ ՀՄԸՄի շարքերուն մէջ։
Եօթը տարեկանին, եղբ. Ժիրայր կը հագուի ՀՄԸՄի Պէյրութի մասնաճիւղին սկաուտական կանաչ տարազը։ Այնուհետեւ, իր հետեւողական ու բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ, գայլիկական շապիկին գոյները աստիճանաբար փոխելով, 1966ին ան կը հասնի մասնաճիւղի ընդհանուր խմբապետի աստիճանին։ Եղբ. Ժիրայր կը մասնակցի Եգիպտոսի համաարաբական երկիրներու եւ Յունաստանի համաշխարհային սկաուտական «ճամպորի»ներուն։
Հաւատաւոր ՀՄԸՄական մը ըլլալու կողքին, եղբ. Ժիրայր «անկեղծ զինուոր» մը կը հանդիսանայ իր ժողովուրդի արդար դատին ու պայքարին։ Ան մաս կը կազմէ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն եւ մինչեւ մահ կը մնայ նուիրեալ կուսակցական, ինքնութեան պահպանումը եւ հայրենիքի գաղափարը դասելով ամէն նկատառումէ վեր։ Եղբօրը՝ Խաժակին հետ, ան կը մասնակցի Սան Ֆրանսիքոյի հայ գաղութի կազմութեան եւ ներքին կեանքի կազմակերպման, տասնամեակներ շարունակ իր անսակարկ մասնակցութիւնը բերելով գաղութին ազգային, հասարակական, կրթական, մշակութային, եկեղեցական եւ մարմնակրթական կեանքին ծաղկումին։
Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ ետք, եղբ. Ժիրայր 1980ական տարիներուն պատասխանատու պաշտօններ կը ստանձնէ ՀՄԸՄի Սան Ֆրասիսքոյի մասնաճիւղին եւ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան զանազան յանձնախումբերուն եւ կազմերուն մէջ։ Ան կը մասնակցի շրջանի բազմաթիւ Ներկայացուցչական ժողովներուն եւ ՀՄԸՄի յաջորդական Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովներուն, երկու քառամեակ՝ 1995-1999 եւ 1999-2003 մաս կազմելով ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան, երկրորդ քառամեակին՝ իբրեւ Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ եւ սկաուտական աշխատանքներու պատասխանատու։
1990ին, եղբ. Ժիրայր կը նշանակուի համաՀՄԸՄական Դ. ընդհանուր բանակումի խմբապետ։ 1992ին, իր կողակիցին՝ Սրբուկին հետ ան կը ստանձնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Նաւասարդեան 17րդ մարզախաղերուն պատուոյ նախագահութիւնը, իսկ 2015ին կը հռչակուի տարուան «Տիպար ՀՄԸՄական»։
Եղբ. Ժիրայր մեծ հետաքրքրութիւն ունեցած է ոսկերչական ասպարէզին նկատմամբ։ Ան հիմնած է իր անձնական հաստատութիւնը եւ ասպարէզին մէջ հասած է փայլուն յաջողութեան։ 1967ին ամուսնացած է ՀՄԸՄի Լիբանանի պասքեթպոլի օրուան աստղերէն քոյր Սրբուկ Օհաննէսեանի հետ եւ բախտաւորուած է երեք զաւակներով՝ Թամար, Սագօ եւ Զարեհ, որոնք իրենց ծնողներուն օրինակին հետեւելով, այսօր, իրենց բոլորանուէր մասնակցութիւնը կը բերեն ՀՄԸՄի աշխատանքներուն։ Եղբ․ Ժիրայրին օրինակին կը հետեւին նաեւ իր թոռները, որոնք Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղի անդամներ են իրենց ծնողներուն կողքին։
![](https://asbarez.am/wp-content/uploads/2022/09/Jirair-Family-Pictures-1-1.jpg)
Վարչական իր երկարամեայ գործունէութեան առընթեր, եղբ. Ժիրայր եղած է ազնիւ բարերար մը իր պաշտելի միութեան, կուսակցութեան եւ ժողովուրդին։ Մեծ է իր ներդրումը ՀՄԸՄի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանի թէ համա-ՀՄԸՄական բազմաթիւ ձեռնարկներու յաջողութեան։ Իր իշխանական բարերարութեամբ կառուցուած է ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղին նոր մարզադաշտը, որ կը կրէ «Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան» անունը։ Ան իր նիւթական աջակցութիւնը բերած է ՀՄԸՄի Բիւրականի բանակավայրի ապահովման։ Միութեան 100ամեակին, օրինակելի նուիրատուութեամբ մը, եղբ. Ժիրայր հիմը դրած է ՀՄԸՄի «Եկամտաբեր հիմնադրամ»ին։ Մեկենասութիւնը ստանձնած է միութենական բազմաթիւ հրատարակութիւններու։ Ազգային իր պարտականութիւնը երբեք չէ զլացած Հայաստանին, Արցախին, Ջաւախքին եւ Հայ Դատին վերաբերող ծրագիրներու։
Միութենական բազմավաստակ ծառայութիւններուն համար եղբ. Ժիրայր պարգեւատրուած է բազմիցս։ 1998ին, ան մասնաճիւղին կողմէ արժանացած է ՀՄԸՄի «Ծառայութեան» շքանշանին, իսկ 2004ին՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան «Արժանեաց» շքանշանին։
Հայրենիքին ի նպաստ իր կատարած աշխատանքներուն առ ի գնահատանք, եղբ. Ժիրայր 2002ին պարգեւատրուած է ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի «Ոսկեայ Շուշանածաղիկ» շքանշանով։ Նոյն տարին ան արժանացած է Հայաստանի մշակոյթի, մարմնամարզի եւ երիտասարդական հարցերու նախարարութեան «Ոսկեայ» յուշամետալին։
Եղբ. Ժիրայր իր մահկանացուն կնքեց 21 Օգոստոս 2022ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, Միացեալ Նահանգներ։