Կիրակի, 10 Յունիս 2007, կէսօրէ ետք ժամը 6ին, «Մինսք» ճաշարանը դարձեալ ժամադրավայրը դարձած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, ուր տեղի ունեցաւ Նաւասարդեան յաղթանակի պարահանդէսի մեկնարկը (kick-off): Հրաւէրը նախաձեռնուած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան անցեալի բոլոր պատուոյ նախագահներուն կողմէ, որոնք միշտ ամբողջական ներդրում ունեցած են նաւասարդեան բոլոր աշխատանքներուն մէջ:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը կը ներկայացնէր Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան: Հոն էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եղբայրներ Մհեր Դաւիթեանն ու Մանուէլ Մարսէլեանը, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Սօնիա Փելթէքեանը, Նաւասարդեան 31րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկ. Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեանները, 2007ի տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Սամուէլ Մկրտիչեանը, Նաւասարդեան մարզախաղերու անցեալի պատուոյ նախագահներ, «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ներ, Շրջանային յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց ներկայացուցիչներ, հովանաւորներ, համակիրներ եւ բազմաթիւ այլ հիւրեր: Ձեռնարկին հիւրաբար ներկայ կը գտնուէր նաեւ Լիբանանէն ծանօթ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկ, Լիբանանի երկար վազքի ախոյեան եւ լուսանկարիչ եղբ. Լեւոն Թաշճեան:
Շրջանային վարչութեան անունով ներկաները բարի գալուստի խօսքով ողջունեց եղբ. Օշին Յարութիւնեան: Իսկ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնները փոխանցեց եւ սեղանները օրհնեց Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան, որ նաեւ վեր առնելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգանուէր գործունէութիւնը ըսաւ. «Հ.Մ.Ը.Մ.ը միշտ վերելքի մէջ եղած է իր ազգին զաւակները բարձրացնելու դէպի լաւագոյնը եւ դէպի առաքինի կեանքը, ի գործ դնելով «Բարձրացի՛ր, Բարձրացուր» իր նշանաբանը», ընդգծեց հոգեւոր հայրը եւ ապա, բարձր գնահատելով եղբ. Վարուժ Պետիկեանի նուիրական ոգին շեշտեց. «Ազնիւ, ծառայասէր եւ մանաւանդ հաւատացեալ երիտասարդ մըն է: Ան իր կամքով, աշխատանքով եւ ծառայութեամբ օրինակելի տիպար մըն է մեր շրջապատէն ներս»:
Նաւասարդեանի յաղթանակի պարահանդէսի կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց քոյր Ժասիկ Չառահեան, որ առաջին հերթին ծանօթացնելով ներկայ հիւրերը, խրախուսեց միութենականները կառչած մնալ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, քաջալերել անոր գործունէութիւնը եւ խուռներամ մասնակցութիւն բերել յատկապէս Նաւասարդեան յաղթանակի պարահանդէսին, որուն սեղաններու ապահովման համար համախմբուած ենք:
Ընթրիքէն ետք ելոյթ ունեցաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ եղբ. Սթիւ Արթինեան, որ առաջին հերթին ներկայացուց Շրջանային վարչութեան իր գործընկերները, Շրջանային գրասենեակի պաշտօնէութիւնը եւ Նաւասարդեան մարզախաղերու յանձնախումբի պատասխանատու եղբ. Վարդգէս Շխրտըմեանը:
Ապա, անդրադառնալով Շրջանային վարչութեան հետապնդած գլխաւոր նպատակներուն, յատուկ հպարտանքով յայտարարեց Հ.Մ.-Ը.Մ.ի տարուան գլխաւոր նուաճումները, որոնց առաջինը նոր կեդրոնի մը գնման իրականացումն է, իսկ երկրորդը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը ընդարձակ բանակավայրով մը օժտելու հեռանկարը, որուն սեփականացման աշխատանքները ընթացքի մէջ են եւ շուտով իրականութիւն պիտի դառնան:
«Այս տարի Նաւասարդեանի յաղթանակներուն նուիրուած երախտագիտական երեկոն անպայման պիտի կատարուի բոլորիս երազանքը հանդիսացող Հ.Մ.Ը.Մ.ի բանակավայրին մէջ», վստահեցուց եղբայրը:
Զոյգ նուաճումներն ալ երկարաշունչ ծափողջոյններով ընկալուեցան ներկաներուն կողմէ:
Ապա, եղբայրը կարեւորելով Նաւասարդեան մարզախաղերու իրագործումը եւ անոնց դրական ազդեցութիւնը շրջանի հայութեան եւ յատկապէս երիտասարդութեան վրայ, բեմ հրաւիրեց Նաւասարդեան 31րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեանները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, իրենց միամեայ օգտաշատ աշխատանքներուն համար: Այնուհետեւ, ծանօթացուց Նաւասարդեան 32րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ եղբ. Վարուժ Պետիկեանը, ըսելով. «Ան Հ.Մ.Ը.Մ.ը ներկայացնող տիպար անհատ մըն է, հիանալի հայր, մարզիչ եւ մարզիկ եւ մանաւանդ իրաւ ղեկավար մըն է, որ վստահաբար իբրեւ պատուոյ նախագահ օգտակար նորութիւններ պիտի բերէ Հ.Մ.Ը.Մ.էն ներս», ըսաւ եղբ. Արթինեան եւ զայն հրաւիրեց բեմ:
Առաջին հերթին, եղբ. Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային վարչութեան, անցնող տարին պատուոյ նախագահութիւնը իրենց վստահելուն համար, անցնող տարուան ընթացքին մեծ հաճոյքով կատարած են իրենց պատասխանատուութիւնները ու նոյն ոգիով պիտի շարունակեն միութենական իրենց պարտականութիւնները: Եղբայրը յաջողութեան մաղթանքներով շնորհաւորեց եղբ. Վարուժ Պետիկեանը իր նոր պատասխանատուութեան համար եւ խօսափողը փոխանցեց անոր:
Իր հերթին, եղբ. Պետիկեան շնորհաւորեց Շրջ. վարչութիւնը՝ Նաւասարդեան մարզախաղերու կազմակերպման առիթով եւ յայտարարեց, թէ յուզումնախառն զգացումներով, սակայն առանց տատամսումի ընդունած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 32րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը յատուկ տեղ ունի իր սրտին մէջ: Եղբայրը նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Շանթ» մասնաճիւղին, որ իրեն առիթ ընծայած է գործելու Հ.Մ.Ը.Մ.էն ներս, նախ իբրեւ մարզիչ եւ ներկայիս իբրեւ մարզիկ:
Այնուհետեւ, եղբ. Արթինեան ներկայացուց տարուան «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ի տիտղոսին արժանացած վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական, Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի տարիներու մարզական պատասխանատու եղբ. Նիկոլ Արզումանեանը:
Եղբ. Արզումանեան եւս շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն շնորհուած տիտղոսին համար եւ մաղթեց, իր զաւակներուն նման, իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերէն ներս դաստիարակուի:
Կարեւոր այս երկու անձնաւորութիւններու ծանօթացումէն ետք, եղբ. ատենապետը յայտարարեց, թէ այս տարի Նաւասարդեան յաղթանակի բաժակները նուիրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներուն, առ ի գնահատանք իրենց կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ ապրելու կամքին: Եղբայրը ուրախութեամբ ներկայացուց ձեռնարկին ներկայ վերապրող 100ամեայ Ղազարոս Գատեմեանը, որ այլ վերապրողներու հետ, Նաւասարդեան շքերթին պիտի մասնակցի:
Այնուհետեւ, խօսափողը փոխանցուեցաւ քոյր Ժասիկ Չառահեանին, որ մեծ ոգեւորութեամբ վաճառեց ակնկալուած ձեռնարկի սեղանները:
Քոյրը հերթաբար նաեւ հրաւիրեց Նաւասարդեան մարզախաղերու անցեալի պատուոյ նախագահներ՝ Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեանները, Հրաչ եւ Մարինէ Անտոնեանները եւ եղբ. Սարգիս Արեւեանը, որոնք իրենց յուշերով անգամ մը եւս ընդգծեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի կարեւորութիւնը, որ մեծ դեր խաղացած է իրենց կեանքի յաջողութեանց մէջ:
Սրտի իրենց խօսքը փոխանցեցին նաեւ Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ եղբ. Սամուէլ Մկրտիչեան եւ քոյր Լիլիթ Բաղդասարեան:
«Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեանքը խորունկ է, խորունկ է այնքան, որքան հայ ժողովուրդի սիրտը: Որովհետեւ 1918ին Հ.Մ.Ը.Մ.ը ծնած է հայ ժողովուրդի արիւնէն: 1915ի մեծ ջարդին մէկուկէս միլիոն նահատակներու արիւնը դեռ չորցած չէր, երբ ծնաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը:
«Հ.Մ.Ը.Մ.ը ծնաւ, որպէսզի ծառայէ հայ ժողովուրդին, որպէսզի վերականգնէ իր ազգին երակը, արիւնը, վրէժը…: Վրէժը, կը կրկնեմ, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը դաստիարակէ ոչ թէ որպէս միայն հայ դաստիարակած ըլլալու համար, այլ կը դաստիարակէ, որպէսզի անդրադառնանք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր ազգին հանդէպ եւ պատմութեան հանդէպ պարտականութիւն ունի», ընդգծեց անցեալ տարուան «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական» եղբ. Սամուէլ Մկրտիչեանը:
Ոգեւորիչ ելոյթներէն ետք, ներկաները շարունակեցին զրուցել, վերյիշելով Հ.Մ.Ը.Մ.ականի իրենց յուշերը: Ուշ երեկոյ անոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ով յագեցած վերադարձան տուն, ոչ միայն Նաւասարդեան յաղթանակի պարահանդէսին ներկայ գտնուելու հեռանկարով, այլ Հ.Մ.Ը.Մ.ին հանդէպ իրենց պարտականութիւնը կատարելու հաստատակամութեամբ: