Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 32րդ մարզախաղերու մեծագոյն ձեռնարկներէն՝ յաղթանակի պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 6 Յուլիս 2007ի երեկոյեան, «Եունիվըրսըլ Շերըթըն» պանդոկի սրահը, աւելի քան 600 մասնակիցներով, որու ընթացքին ներկայացուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անցնող տարուան իրագործումներու ամփոփ պատկերը:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով ներկաները ողջունեց Լինա Դաւիթեան եւ ըսաւ. «Դուք հոս էք այսօր, որպէսզի ձեր զօրակցութիւնը յայտնէք: Դուք եկած էք ըսելու, թէ կը հաւատաք այս միութեան նպատակին, կը քաջալերէք զայն եւ յատկապէս այսօր եկած էք տօնախմբելու այս կազմակերպութեան յաղթանակները: Եթէ ձեր շուրջը նայիք, պիտի տեսնէք, թէ այս կազմակերպութիւնը կ’առաջնորդուի յաջորդ սերունդով, անոնք քոյրեր եւ եղբայրներ են, որոնք հասակ նետած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշին տակ: Անոնք սկաուտներ, մարզիկներ եւ կամաւոր աշխատողներ են, որոնք կը փոխարինեն ղեկավարութիւնը այս կազմակերպութեան»: Ապա հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս ունկնդրելու Ամերիկայի, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգները, որ իր հմայիչ ձայնով կատարեց երգչուհի Անահիտ Ներսիսեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լեւոն Աբրահամեանի:
Ճաշի սեղանները օրհնեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: Իսկ օրուան հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեց ծանօթ ազգային եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական Բեգլար Փիլաւճեան:
Գործադրուեցաւ պաշտօնական յայտագիր մը, որու ընթացքին օրուան հանդիսավարը ներկայացուց օրուան պաշտօնական հիւրերը, որոնց կարգին էին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Լիբանանէն յատուկ Նաւասարդեան ձեռնարկներուն համար հրաւիրուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ անդամներ Մանուէլ Մարսէլեան եւ Մհեր Դաւիթեան, Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ փոխհիւպատոս Սահակ Սարգսեան, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Կլէնտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Պապ Եուսէֆեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին կողմէ Յակոբ Թիւֆէնքեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօնիա Փելթէքեան, Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Վահան Պզտիկեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վահէ Իմաստունեան, Նաւասարդեան անցեալի նախագահներ, տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, հովանաւորներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Այնուհետեւ, ներկաները վայելեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի նպատակն ու գործունէութիւնը յատկանշող տեսաերիզ մը, որ պատրաստուած էր արուեստագէտ Արա Սուչեանի կողմէ:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ ատենապետ Սթիւ Արթինեան, որ ներկայացուց իր գործընկերները, ընդգծելով, թէ անոնց միասնական գործունէութեան արդիւնքն են Նաւասարդեանի եւ ընդհանրապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներու յաջողութիւնները:
Ապա, անդրադառնալով Շրջանային վարչութեան իրագործած նպատակներուն, կեդրոնացաւ իրականացուած երեք ծրագիրներու վրայ:
Ա.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոր կեդրոն, միութենական կեանքի բոլոր յարմարութիւններով:
Բ.- Սկաուտական բանակավայր: 24 էյքըր տարածք մը, որ վստահաբար լաւագոյն վայրը պիտի հանդիսանայ հզօրացնելու շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական թեւը: Այս առիթով ան նաեւ ներկայացուց համապատասխան յանձնախումբը:
Գ.- Մարզադաշտը, որ 4000է աւելի մրցող մեր մարզիկ-մարզիկուհիներուն անհրաժեշտ է փորձեր կատարելու համար: Շնորհիւ հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական Վիգէն Աբէլեանին, կարելիութիւնը ստեղծուած է գէթ ժամանակաւոր ընդարձակ մարզական կեդրոնատեղի մը ապահովելու Հ.Մ.Ը.Մ.ին:
Ատենապետը նաեւ յատուկ հպարտութեամբ յայտարարեց եւ շնորհաւորեց շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծագոյն մասնաճիւղը՝ Կլէնտէյլի «Արարատ»ը, որ երկրորդ կեդրոնատեղի մը գնելու յանձնառութեան տակ մտած է, ինչ որ մեծապէս պիտի նպաստէ շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծագոյն մասնաճիւղի մարզական պէտքերուն եւ ընդհանրապէս շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներուն:
Այնուհետեւ, Ս. Արթինեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս հետեւեալներուն.-
– Նաւասարդեան մարզախաղերու յանձնախումբ, որ նոր չափանիշներ արձանագրեց թէ՛ կազմակերպչական եւ թէ թուային իմաստով:
– Շրջանի մամուլին, որ լաւագոյն ձեւով ներկայացուց նաւասարդեան ձեռնարկները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատգամը փոխանցեց հանրութեան:
– Շրջանի արուեստագէտներուն, որոնք հայկական երգ ու պարով խանդավառեցին մասնակիցները փառատօնի շրջափակէն ներս:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ու մանաւանդ Նաւասարդեանի մեծագոյն աշխատանքը կատարող կամաւորներուն, ծնողներուն եւ համակիրներուն:
Վերջապէս, ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ պարահանդէսի հովանաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն, որոնց օգտակարութիւնը ամէնուրեք է, Լոս Անճելըսէն մինչեւ Երեւան եւ, հակառակ իրենց բազմազբաղ ըլլալուն, այսօր ներկայ են այս ձեռնարկին:
Իր խօսքէն ետք, ատենապետը բեմ հրաւիրեց «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական – 2006» տիտղոսին արժանացած Նիկոլ Արզումանեանը եւ Շրջանային վարչութեան անունով յատուկ յուշատախտակով մը պարգեւատրեց զայն: Պարգեւատրուելէ ետք, սրտի իր խօսքը փոխանցեց Ն. Արզումանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն ընծայուած պատիւին համար, ընդգծեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի մատուցած հայանպաստ դաստիարակութիւնը եւ կոչ ըրաւ ներկաներուն՝ իրենց զաւակները անդամագրելու Հ.Մ.Ը.Մ.ին:
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ Նաւասարդեանի պատուոյ նախագահութեան փոխանցման արարողութիւնը:
Նախորդ պատուոյ նախագահ Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեանները պատուոյ նախագահութեան պարտականութիւնները պաշտօնապէս փոխանցեցին նոր նախագահութիւնը ստանձնած Վարուժ Պետիկեանին, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած պատիւին համար ըսելով՝ «Ասկէ տասը տարիներ առաջ, երկու աղջիկներս՝ Ալիքը եւ Թալինը, ուզեցին մասնակցիլ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պասքէթպոլի ծրագրին: Այս առիթ մը եղաւ, որ ես ալ միանամ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, նախ իբրեւ մարզիչ եւ ապա իբրեւ մարզիկ: Համոզուած եմ, որ ճիշդ ընտրութիւն մը ըրի զաւակներուս հետ միանալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին, որ տարիներ շարունակ միայն հեռուէն կը դիտէի: Կը վկայեմ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կազմակերպած է միջավայր մը, ուր առողջ մարմնի հետ, առողջ միտքը կը զարգանայ: ”Առողջ միտք, առողջ մարմնի մէջ”. նշանաբան մը, որուն կառչած կը մնայ հայկական այս հսկայ կազմակերպութիւնը շուրջ 90 տարիներէ ի վեր: Այսօր, Հ.Մ.Ը.Մ.ը արտասահմանի հայութեան մեծագոյն կազմակերպութիւնն է, որ կը ներգրաւէ երեխաները, պատանիները եւ երիտասարդութիւնը՝ մեր ազգին ներուժը: Պէտք չէ գոհանալ եղածով, պէտք է յառաջդիմել, պէտք է մշակել նոր ծրագիրներ: Եւ ես համոզուած եմ, որ այսօր Քալիֆորնիոյ մէջ արդէն անկիւնադարձի մը վրայ ենք:
«Բայց դիտելով մեր շուրջը պիտի տեսնենք, որ նոր սերունդի պատանիներու մեծ թիւ մը կը թափառի ու կ’ապրի աննպատակ կեանք: Դժբախտաբար, ազգային գիտակցութիւնը սկսած է նահանջել եւ տկարանալ մեր երիտասարդութեան մէջ, զոհ դառնալով վտանգաւոր փորձութիւններու:
«Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ սիրաշահիլ այդ կորսուած զաւակները եւ բերել զանոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ի դուռներէն ներս եւ անոնց ազգային գիտակցութեան զգացումը զօրացնել: Ահա այս է մեր գերագոյն նպատակը:
«Ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընել: Պէտք է կազմակերպուիլ վերստին եւ կազմակերպել նուիրուածութեամբ: Վճռակամութիւնը եւ նուիրուածութիւնը պէտք են եւ անհրաժեշտ առաջ երթալու համար»:
Այս տպաւորիչ ելոյթէն ետք, Ս. Արթինեան գոհունակութեամբ յայտարարեց, թէ Վ. Պետիկեան յիսուն հազար տոլար կը նուիրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ, առ ի գնահատանք անոր միութենական անսակարկ նուիրումին ու նիւթա-բարոյական օժանդակութեան, զայն պարգեւատրեց նաեւ յատուկ յուշանուէրով մը: Առաւել, յայտարարեց, թէ պատուոյ նախագահը, անկախ իր նիւթական նուիրատուութենէն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոր կեդրոնին կը նուիրէ հեռաձայնային բոլոր սարքաւորումները, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան արդիական միջոցներ:
Պաշտօնական յայտագրի աւարտէն ետք, երեկոն խանդավառեցին երգիչ Մայք Փոսթեան եւ իր նուագախումբը՝ մինչեւ ուշ գիշեր: