Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 32րդ մարզախաղերը իրենց յաջող աւարտին կը հասնին այսօր, Շաբաթ, 7 Յուլիս 2007ի կէս գիշերին, յաղթանակի մթնոլորտի մը մէջ:
Այսօր վերջ կը գտնեն 4000է աւելի մարզիկ-մարզիկուհիներու մասնակցութեամբ պասքէթպոլի, ֆութպոլի, վոլիպոլի, թենիսի, փինկ-փոնկի, թեթեւ աթլէթի, լողի եւ ճատրակի խմբային եւ անհատական մրցումները: Եւ այսպէս, երկու ամիսներու մարզական պայքարը Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաղթանակով կը պսակուի այսօր՝ փակման յատուկ հանդիսութեամբ:
Անցնող չորս օրերու ընթացքին Պըրմինկհամի շրջափակը այցելող հազարաւոր հայորդիները լայն ժպիտներով եւ հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ հետեւեցան ընթացող մարզական մրցումներուն եւ հայկականութեամբ ապրեցան փառատօնի խանդավառ մթնոլորտը:
Ուրախ ենք յայտարարելու, որ Շրջանային վարչութեան հրաւէրով շրջանս գտնուող Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի ներկայութիւնը առաւել խանդավառեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը:
Գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած Նաւասարդեան մարզախաղերու չորս օրերը ակնթարթի նման անցան, տօնական աննախընթաց մթնոլորտի մէջ: Շրջանի հայութիւնը խուռներամ ներկայ գտնուեցաւ եւ քաջալերեց Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ յատկապէս անոր հոգածութեան յանձնուած երիտասարդութիւնը:
Վստահ ենք, այսօր եւս շրջանի հայութիւնը ամբողջական ներկայութիւն պիտի ըլլայ Պըրմինկհամ Հայ սքուլի շրջափակէն ներս, որուն դուռները բաց պիտի ըլլան առաւօտեան ժամը 8էն մինչեւ կէս գիշեր:
Ճակատագրական այս օրուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան բոլոր մարզաճիւղերու աւարտական մրցումները: Միւս կողմէ, Նաւասարդեան մթնոլորտը պիտի շարունակուի փառատօնի շրջափակէն ներս:
Նաւասարդեան փակման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 6:30ին, որու ընթացքին պիտի յանձնուին յաղթանակի բաժակներ: Հպարտութեամբ պիտի տողանցէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը:
Այսօր բոլորիս ժամադրավայրը պէտք է ըլլայ Պըրմինկհամ Հայ սքուլը:
Բոլորս Հ.Մ.Ը.Մ.ական ենք: