Երեքշաբթի, 30 Յունուար 2007ի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը, այցելեց Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարան եւ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հետ, ներկայութեամբ Ազգ. վարչութեան ատենապետ դոկտ. Կարօ Յակոբեանի:
Նախքան հանդիպումը, Շրջ. վարչութիւնը սրբազան հօր առաջնորդութեամբ շրջեցաւ Ազգային առաջնորդարանի նոր վերանորոգուած շէնքը եւ մօտէն ծանօթացաւ անոր մանրամասնութիւններուն եւ յատկապէս Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան, անոր վերնատան, մկրտարանին եւ մկրտութեան սեղանին: Եզակի ազգային հաստատութիւն մը, որ միայն հպարտութիւն կը պատճառէ իւրաքանչիւր հայու:
Հանդիպման ընթացքին, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան յատուկ ընդգծումով գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը, որուն Հ.Մ.Ը.Մ.ականի ոգին զգալի է գաղութէն ներս, մանաւանդ կազմակերպուած ձեռնարկներու ընթացքին: Սրբազան հայրը շնորհաւորեց նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը, որ միշտ պատրաստ է գործակցելու եւ օգտակար հանդիսանալու գաղութին եւ մաղթեց, որ շուտով Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը եւս օժտուի նոր կեդրոնով մը:
Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած առիթին համար, ներկայացուց Շրջանային վարչութեան կազմը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց սրբազան հօր, որ միշտ ներկայութիւն է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ձեռնարկներուն եւ իր հայրական օրհնութիւններով կը խրախուսէ կազմակերպութեան շարքերը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
«Հ.Մ.Ը.Մ.ը իբրեւ ասպետական կազմակերպութիւն, իր ասպետական ոգիով միշտ թռիչք կու տայ մեր ծառայական կեանքին եւ այդ թռիչքը՝ մանրուքներէ վեր կը պահէ մեզ: Եւ երբ մենք մանրուքներէ վեր մնանք, աւելի լաւ կը տեսնենք եւ աւելի արդիւնաւոր կ’ըլլանք: Իմ մաղթանքս ու աղօթքս է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր առաքելութեան հաւատարիմ մնալով, հաստատակամ իր սլացքը շարունակէ», հաստատեց սրբազան հայրը:
Իր հերթին, դոկտ. Յակոբեան ընդգծեց, թէ ինք Հ.Մ.Ը.Մ.ի հանդէպ մեծ յարգանք ունի, որովհետեւ ան մեր գաղութէն ներս լաւ կազմակերպուած եւ աշխոյժ գործող կազմակերպութիւններէն մէկն է: Ան շնորհաւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի հայանպաստ գործունէութիւնը, ուժ եւ կորով մաղթեց Շրջանային վարչութեան աշխատանքներուն եւ մանաւանդ յաջողութիւն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոր կեդրոնի իրականացման համար:
Հանդիպման վերջին բաժնով, սրբազան հայրը արծաթեայ խաչ մը նուիրեց Շրջանային վարչութեան, որպէսզի Աստուծոյ օրհնութիւնը անպակաս մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքի վրայէն:
Մէկ ժամուան օգտաւէտ այս հանդիպումէն ետք հրաժեշտ առաւ Շրջանային վարչութիւնը՝ Փետրուար 13ին, Սիրոյ սեղանի շուրջ դարձեալ տեսնուելու հեռանկարով:
Յայտնենք, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ 20-22 Հոկտեմբեր 2006ին, որու ընթացքին Շրջանային վարչութեան անդամ ընտրուեցան Սթիւ Արթինեան (ատենապետ), Մարօ Քէշիշեան, Օշին Յարութիւնեան, Յովիկ Պետեւեան, Սալբի Ճէճէեան, Ժանօ Գահվէճեան, Անօ Մանսուրեան, Զարեհ Մովսէսեան, Խաչիկ Խալաթեան, Պերճ Պետոյեան եւ Րաֆֆի Խաչատուրեան: