Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեանքէն ներս, Սեպտեմբերի առաջին շաբաթավերջը, որ կը զուգադիպի միջազգային բանուորական օրուան, միշտ վերապահուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղին, որ ամէն տարի կը կազմակերպէ բարձր դասակարգի պասքէթպոլի միջ-մասնաճիւղային մրցումներ:
Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղը Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու երկրորդ մասնաճիւղն է, որ հիմնուած է 1970ին: Անցնող 36 տարիներու ընթացքին, մասնաճիւղը տիրական ներկայութիւն եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ յատկապէս հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ եւ մօտէն կը գործակցի շրջանէն ներս գործող Սանթա Քլարայի «Անի» (1991) եւ Ուոլնաթ Քրիքի «Կարս» (1999) մասնաճիւղերուն հետ:
Ներկայիս մասնաճիւղը ունի 435 անդամներ, որոնց մեծամասնութիւնը կը գործէ մարզական եւ սկաուտական բաժանմունքներէն ներս:
Մասնաճիւղի վարչութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ եօթ աշխոյժ քոյր-եղբայրներէ՝ Սագօ Սարգիսեան (ատենապետ), Այտա Շապօ (քարտուղար), Սարօ Շահինեան (գանձապահ), Շանթ Սարգիսեան (մարզական պատասխանատու), Ռոպերթ Սարգիս (սկաուտական պատասխանատու), Ժանօ Աւանէսեան եւ Վաչիկ Սարգիսեան:
Այս տարի մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր 26րդ պասքէթպոլի միջ-մասնաճիւղային մրցումները, որուն մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի, Ֆրեզնոյի «Սասուն», Քրեսէնթա Հովիտի «Շանթ», Կլէնտէյլի «Արարատ», Փասատինայի «Ազատամարտ», Սանթա Քլարայի «Անի» եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղերը, Ա. եւ Բ. դասակարգերու 24 մանչերու պասքէթպոլի խումբեր:
2-4 Սեպտեմբեր, երեք օրեր երկարող այս մրցաշարքի ընթացքին, մասնակից խումբերը 58 մրցումներ կատարեցին Սան Ֆրանսիսքոյի Serramonte High School-ի, Holy Trinity Greek Orthodox Church-ի եւ South Dan Francisco Boys & Girls Club-ի մարզադաշտերուն վրայ, աննախընթաց ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծելով շրջանի մարզասէր հասարակութեան մօտ:
Մրցաշարքի զտումի եւ կիսաւարտական մրցումները տեղի ունեցան Շաբաթ, 2 եւ Կիրակի, 3 Սեպտեմբերին:
Կիրակի, 3 Սեպտեմբերի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ երիտասարդական պարանցիկ Crossing The Bar ճաշարանի սրահին մէջ, որուն մասնակցեցան տեղւոյն եւ հիւր մասնաճիւղերու բոլոր մարզիկ-մարզիկուհիները: Երեկոն գեղեցիկ առիթ մը հանդիսացաւ մտերմացնելու մրցաշարքին մասնակցող եօթը մասնաճիւղերու մարզական խումբերը:
Երկուշաբթի, 4 Սեպտեմբերին խիստ հետաքրքրական մթնոլորտի մը մէջ ընթացան աւարտական մրցումները: Հաւասար ուժերով ընթացող այս մրցումներուն ցուցաբերուած Հ.Մ.Ը.Մ.ավայել գեղեցիկ խաղարկութիւնները ելեքտրականացած մթնոլորտ մը ստեղծեցին մարզադաշտերուն վրայ: Ակնյայտ էին Լոս Անճելըսի, «Սասուն» եւ «Շանթ» մասնաճիւղերու խումբերու խաղարկութիւնները, որոնք արդարօրէն իրենց դասակարգերու յաղթանակները արձանագրեցին:
Ախոյեանութեան բաժակները յանձնուեցան իւրաքանչիւր աւարտական մրցումէ ետք:
Մրցումներու աւարտէն ետք, Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Սագօ Սարգիսեան գոհունակութեամբ ընդգծեց, թէ «Ամէն տարի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղը պասքէթպոլի միջ-մասնաճիւղային այս մրցումները կազմակերպելով, շրջանին կ’ուզէ փոխանցել, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ամէնուրեք կը գործէ: Կը հաւատանք, որ նման նախաձեռնութիւնները, մրցակցութեան առընթեր, մեր երիտասարդութիւնը կը համախմբեն ապահով եւ ծաղկուն մթնոլորտի մը մէջ, ընկերային եւ մարզական մաքուր ոգին արմատաւորելով անոնց մէջ»:
Ստորեւ մարզախաղերու արդիւնքները.-
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ ՄԵԾԵՐ (Upper)
1.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղ
2.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քրեսէնթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղ
3.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլէնտէյլի «Արարատ»(1) եւ Փասատինայի(1) «Ազա-տամարտ» մասնաճիւղեր
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ ՓՈՔՐԵՐ (Lower)
1.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի(2) մասնաճիւղ
2.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլէնտէյլի «Արարատ»(2) մասնաճիւղ
3.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» եւ Կլէնտէյլի «Արարատ»(1) մասնաճիւղեր
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ ՓՈՔՐԵՐ (Lower)
1.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քրեսէնթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղ
2.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղ
3.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆրեզնոյի «Սասուն» եւ Սանթա Քլարայի «Անի» մասնաճիւղեր
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի(1) մասնաճիւղի Ա. դասակարգի (Upper) մանչերու խումբը իր բացառիկ խաղարկութեան համար արժանացաւ յատուկ բաժակի: