ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Երէկ, Սեպտեմբեր 7ին «Տեսակէտ» ակումբին մէջ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ եւ խորհրդարանէն ներս Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Հրայր Կարապետեան անդրադարձաւ նաեւ նախագահական ընտրութիւններուն եւ նշեց, որ Հ.Յ.Դ.ի կողմէ առաջադրուող թեկնածուն պիտի ըլլայ դաշնակցական:
«Դաշնակցութեան տարածքային, մարզային կոմիտէները ժողովներ են արել, առաջարկել իրենց նախընտրած թեկնածուի անունը։ Հէնց այս հարցն է քննարկուելու Գերագոյն ժողովում, եւ դեռ ոչ մէկը չի նշել ոչ դաշնակցական թեկնածուի անուն», յայտարարեց Հրայր Կարապետեան:
Ան տեղեկացուց նաեւ, որ Սեպտեմբեր 10ին սկսող աշնանային նստաշրջանի ընթացքին, խմբակցութիւնը պիտի դիմէ բազմաթիւ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու: Արդէն նախանշուած են շուրջ 21 օրէնսդրական նախաձեռնութիւններ:
Հրայր Կարապետեան անգամ մը եւս նշեց Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրին մէջ նուազագոյն աշխատավարձը բարձրացնելու կէտը՝ նկատելով, որ այդ քայլը հնարաւոր է առնել՝ կրճատելով ստուերային տնտեսութիւնը. «Եթէ քարոզարշաւի ընթացքում կենսաթոշակների կտրուկ բարձրացման վերաբերեալ Դաշնակցութեան ծրագրային մօտեցումը իշխանութեան կողմից անհնարին էր թւում, ապա ընտրութիւնից ամիսներ անց դա հնարաւոր է դարձել։ Եւ 2008ից այն արդէն 60 տոկոսով բարձրացուելու է», ըսաւ ան:
Խօսելով թիկնապահներու առնչուող օրինագիծին, ան նշեց, որ «Դաշնակցութեան համար սա սկզբունքային հարց է: Ամէն օր այն թիկնապահները, որոնք օրէնքից դուրս են գործում, հասարակութեան համար ստեղծում են բազմաթիւ խնդիրներ: Դրա համար անհրաժեշտ է այս ոլորտը նոյնպէս օրէնքով կարգաւորել»: