ԵՐԵՒԱՆ, «Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան».– Փետրուար 5ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ռամկավար Ազատական եւ Սոցիալ–Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչներու հանդիպում։
Միջկուսակցական այս հանդիպման կը մասնակցէին ՌԱԿի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մայքըլ Խարապեան, Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Սեդրակ Աճէմեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Քննուեցան համահայկական շարք մը խնդիրներ եւ երեք կուսակցութիւնները հետաքրքրող հարցեր։
Քանի մը ժամ տեւած հանդիպման աւարտին, սկզբունքային համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ շարունակելու համահայկական հարցերուն շուրջ հանդիպումները, զանոնք բարձրացնելով նոր մակարդակի։