ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Պետութեան ընդհանուր զարգացումը կախուած է ոչ միայն կառավարութեան վարած քաղաքականութենէն եւ խորհրդարանի ընդունած օրէնքներէն, այլեւ հասարակութեան քաղաքացիական գիտակցութեան զարգացումէն: Յուլիս 10ին ՀՀՇ վարչութեան անդամ Անդրանիկ Յովակիմեանին հետ բանավէճի ընթացքին յայտնեց Հ.Յ.Դ. անդամ, գրող Ռուբէն Յովսէփեան եւ նշեց, որ ժողովրդավարական պետութիւն ձեւաւորելու համար անհրաժեշտ է, որպէսզի օրէնքները հասկնալի ըլլան ոչ միայն իշխանութիւններուն, այլեւ ժողովուրդին համար:
Ռ. Յովսէփեանը նշեց նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը այժմ այլընտրանք է թէ՛ իշխանութեան, եւ թէ ընդդիմութեան. «Իշխանութեանն այլընտրանք լինելու մեր կեցուածքը կ’երեւայ մի քանի տարի յետոյ: Իսկ ընդդիմութեանը այլընտրանք ենք այն պատճառով, որովհետեւ Հայաստանում ընդդիմութիւնը շատ թոյլ է եւ չկարողացաւ միաւորել այդ «առողջ ուժերին», եւ հանդէս գալ միասնական դաշտով», ըսաւ ան: