ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Դեկտեմբեր 9ին Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի կազմակերպած հերթական այցով Շիրակի մարզ մեկնեցաւ ԳՄին կից առողջապահութեան ոլորտի յանձնախումբը՝ ԳՄ անդամ, առողջապահութեան նախարար Նորայր Դաւիթեանի գլխաւորութեամբ:
Նախարարը Շիրակի մարզպետ Ռոմիկ Մանուկեանի, ԳՄ անդամներ Ի. Սաղաթէլեանի եւ Ա. Սաւգուլեանի ուղեկցութեամբ այցելեց մարզի բժշկական հաստատութիւններ, զրուցեց աշխատողներուն եւ հիւանդներուն հետ: Այցի արդիւնքները ամփոփուեցան խորհրդակցութեան ընթացքին: