Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ.- Նոյեմբեր 23–26ին, Մակեդոնիոյ Օհրիտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան Սեւ ծովեան տարածաշրջանի համագործակցութեան հերթական ժողովը։ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը ժողովին կը մասնակցէր երկու հոգինոց պատուիրակութեամբ՝ Հայկ Ասատրեան (Հայաստան) եւ Վարդենի Գասապեան (Յունաստան)։
Ժողովի բնաբանն էր «Ընկերային Եւրոպա՝ ընդլայնուած Եւրոպայի համար»։ Օրակարգի վրայ էին պատուիրակներու զեկոյցները պատկան երկրի քաղաքական իրավիաճակի մասին, «Եւրոմիութեան ապագան Պալքաններու եւ Սեւ ծովեան տարածաշրջանին մէջ», «Երիտասարդութիւնը եւ գաղթը», «Երիտասարդութիւնը
եւ աշխատանքը» եւ այլ նիւթեր։
Քառօրեայ նիստերէն յետոյ, ժողովականները որդեգրեցին բանաձեւեր աշխատաւորներու իրաւունքներու, տարածաշրջանէն ներս ժողովրդավարութեան զարգացման եւ երիտասարդութեան գաղթի մասին եւ մշակեցին Սեւ ծովեան տարածաշրջանի երկիրներու երիտասարդական կազմակերպութիւններու համագործակցութեան ռազմավարական ծրագիրը։
Ժողովի առաջին օրը մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Եւրոհամայնքի Ընկերվարական երիտասարդներու կազմակերպութեան նախաձեռնած սեմինարին, որու թեման էր «Եւրոպայի ընդլայնումը»։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը ժողովներէն բացի, հանդիպումներ ունեցաւ Շուէտի, Յունաստանի, Ուքրանիոյ, Հոլանտայի եւ այլ երկիրներու պատուիրակութիւններու հետ՝ մտքեր փոխանակելով ապագայ գործակցութեան կապակցութեամբ։
Կազմակերպութեան ղեկավարութեան հետ համաձայնութիւն գոյացաւ Սեւ ծովեան տարածաշրջանի յառաջիկայ ժողովներէն մէկը Հայաստանի մէջ գումարելու առնչութեամբ։
Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութիւնը Ընկերվար միջազգայնականին (Socialist International) ուղեկից միութիւն է։ Անոր կ’անդամակցին 143 ընկերվարական, ընկերվար–ժողովրդավարական, աշխատաւորական եւ ուսանողական միութիւններ՝ 100 երկիրներէ։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը Ը.Ե.Մ.Մ.ի լիիրաւ անդամ է։