ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ԱԺ Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան անդամ Ռուզան Առաքելեանի խօսքերով՝ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ Դաշնակցութիւնը պիտի պայքարի իր ամբողջ ներուժով։ Իսկ յետընտրական գործընթացներուն ժամանակ ալ Հ.Յ.Դ.ն չի կրնար ինքնանպատակ ընդդիմութեան դաշտ մտնել։
ԱԺ պատգամաւորը այս մասին յայտարարեց Սեպտեմբեր 28ին՝ «Տեսակէտ» ակումբին մէջ, ՀԺԿ ներկայացուցիչ Ռուզան Խաչատրեանին հետ բանավէճի ժամանակ։ Ռ. Առաքելեանը նկատեց նաեւ, որ ինքնանպատակ որոշումներ չեն ընդունուիր, եթէ չըլլան ընտրակեղծիքներ եւ չարաշահումներ։
Իսկ ՀԺԿական Ռուզան Խաչատրեան յայտարարեց, որ առայժմ իր կուսակցութիւնը չէ որոշած, թէ ինչպէս հանդէս պիտի գայ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն, բայց աւելցուց, թէ շատ կարեւոր կը համարէ միասնական ընդդիմադիր բեւեռի ձեւաւորումը. «Մենք այսօր վեր ենք կանգնելու անցեալի յիշողութիւններից եւ անձնական զգացումներից եւ պատրաստ ենք բանակցել ցանկացած ուժի հետ, ով կիսում է մեր մօտեցումները», ըսաւ Ռ. Խաչատրեանը։
Ինչ կը վերաբերի Հ.Յ.Դ.ի կողմէ երկու թեկնածուներու առաջադրումին, ապա Ռ. Առաքելեանը նշեց, որ թէ՛ Վահան Յովհաննիսեանը, եւ թէ Արմէն Ռուստամեանը քաղաքական հարուստ կենսագրութիւն ունեցող գործիչներ են, եւ երկուքն ալ հաւասարապէս արժանի են որպէս թեկնածու առաջադրուելուն.
«Դաշնակցութիւնը անձի կուսակցութիւն չէ, եւ անձի շուրջ չէ, որ ձեւաւորուել է Հ.Յ.Դ.ն, մենք կուռքեր չենք ստեղծում։ Թէ ո՞ւմ, ի վերջոյ, կ’առաջադրի Դաշնակցութիւնը, կ’որոշուի Նոյեմբերին կայանալիք արտակարգ Գերագոյն ժողովում», ըսաւ ԱԺ պատգամաւորը։ Ան նկատեց, որ զինք կը գոհացնէ նաեւ քաղաքական դաշտի դրական մթնոլորտը, երբ մարդիկ վեր կը կանգնին անձնական հարցերէ, ինչը գաղափարական պայքարի ձեւաւորման հիմք կրնայ հանդիսանայ։