Իրերայաջորդ երկու հաղորդագրութիւններով, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն պատասխանեց երկրի հայ համայնքին ու Դաշնակցութեան ուղղուած ցեխարձակումներուն, որոնք կատարուած էին նախկին նախագահ եւ Կիրակի օրուան երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն պարտութիւն կրած Ամին Ժըմայէլի կողմէ:
Միւս կողմէ, Հայկական երեսփոխանական պլոքը Երկուշաբթի երեկոյեան իր նիստի աւարտին յայտարարեց, թէ դատարան պիտի դիմէ հայութեան դէմ կատարուած ցեղապաշտական յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ:
Կեդրոնական Կոմիտէի առաջին հաղորդագրութիւնը կ’ըսէ. «Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական կամ ընտրական պայքարին մաս կազմող կողմեր կը փորձեն ամբաստանութիւններ ուղղել հայութեան եւ ի մասնաւորի Հ.Յ.Դաշնակցութեան՝ զանոնք ներկայացնելով իբրեւ պատասխանատուներ իրենց քաղաքական կամ ընտրական ձախողութիւններուն: Այս առիթով կ՚ուզենք լիբանանեան հանրային կարծիքը լուսաբանել այն անպատասխանատու խօսքերուն համար, զորս արտասանեցին կարգ մը ներկայացուցիչները այն կողմին, որ կը փորձէ վնաս հասցնել հայութեան եւ մասնաւորաբար Հ.Յ.Դաշնակցութեան վարկին:
«Եղելութիւնները եւ վերջին ընտրութիւնները ցոյց տուին ձախողութիւնը այն բոլոր փորձերուն, որոնց յաջողութեան համար օգտագործուեցան բոլոր կարողականութիւնները, որոնք կը գտնուին անոնց մօտ, որոնք կը փորձեն նսեմացնել Հ.Յ.Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը լիբանանեան քաղաքական կեանքին եւ հայ համայնքին մէջ: Այս ձախողութեան դիմաց, լիբանանեան վերոյիշեալ կողմին կարգ մը դէմքերը եւ ղեկավարները սկսան ցեխարձակումներ կատարել, այս ձեւով յայտնի դարձնելով, որ այս կողմը ատելութիւն կը տածէ բոլոր անոնց դէմ (ներառեալ՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան), որոնք չեն ենթարկուիր իրենց ընտրական եւ քաղաքական հաշիւներուն: Եւ ջղագրգիռ ու անիրապաշտ յայտարարութիւնները, որոնք կատարուեցան անոնց կողմէ, ուրիշ բան չեն եթէ ոչ բարկութեան պոռթկում, որ բացայայտեց իրականութիւնը այն քինախնդրութեան, որ իրենց մէջ բանտարկած էին տասնամեակներէ ի վեր, սակայն երբ կորսնցուցին հակակշիռը իրենց ջիղերուն վրայ, այդ քինախնդրութիւնը արտայայտուեցաւ շատ յստակ կերպով:
«Որոշ կողմեր իրենց գրաւը դրին Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերուն եւ կուսակցական ղեկավարութեան մէջ անհասկացողութիւններու եւ երկփեղկումներու վրայ, եւ այս նպատակին համար օգտագործեցին կազմակերպական պատճառներով կուսակցութենէն կարգ մը արտաքսուածներ, օժանդակեցին եւ ֆինանսաւորեցին զանոնք՝ ստեղծելու համար հակադաշնակցական շարժում մը եւ տարածելով անհիմն տարաձայնութիւններ՝ կուսակցութեան եւ անոր որդեգրած ուղեգիծէն հայութեան հեռացումին մասին:
«Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կ՚ափսոսայ, որ մէկ աթոռի համար ծաւալած ընտրական գործընթացը վերածուի հաշուեյարդարի փորձի մը այնպիսի կուսակցութեան մը հետ, որուն համար անյարիր են մոլեռանդութիւնը եւ ցեղապաշտութիւնն ու լիբանանցիներուն միջեւ ատելութեան զգացումները հրահրելու փորձերը, մանաւանդ որ անոնք, դժբախտաբար, իրարու միջեւ անհասկացողութեան մէջ կը գտնուէին եւ տակաւին կը գտնուին մանրամասնութեանց շուրջ՝ մոռնալով առաջնահերթութիւնները, որոնց վրայ կը կառուցուին հայրենիքները»:
Այս առիթով նաեւ, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն շնորհակալութիւն յայտնեց իր ընտրազանգուածին՝ կուսակցութեան քաղաքական դիրքորոշումներուն նկատմամբ իր ամբողջական զօրակցութիւնը վերահաստատելուն համար:
Նոյն օրը, Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակեց երկրորդ հաղորդագրութիւն մը՝ Ամին Ժեմայէլի մամլոյ ասուլիսէն ետք, ըսելով. «Փաղանգաւոր կուսակցութեան գերագոյն նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ Մեթնի մէջ իր մղած ընտրապայքարին ձախողութեան պատճառներն են ընդհանուր առմամբ լիբանանահայութիւնը եւ ի մասնաւորի Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը։
«Ժեմայէլ բուռն յարձակում մը գործեց լիբանանահայութեան եւ Հ.Յ.Դ.ի դէմ. ան իր խօսքերուն ընդմէջէն նոյնիսկ փորձեց բաժնել լիբանանահայութիւնն ու Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, ինչ որ հայ համայնքին ցասումը յառաջացուց՝ Հ.Յ.Դ.ի կեցուածքներուն կամ ուղեգիծին համակիրներու թէ հակառակորդներու կողմէ. անոնք խստիւ դատապարտեցին այդ խօսքերը։
«Ահա այսօր (Երկուշաբթի) Ժեմայէլ անգամ մը եւս լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն կ՚օգտագործէ մէկը միւսին դէմ հրահրելու ոճը՝ փորձելով Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը անջատել ժողովրդային իր խարիսխէն։ Ցաւ կը յայտնենք Ժեմայէլի կողմէ լիբանանահայութեան դէմ ցուցաբերուող այս վարկաբեկիչ եւ անարգական կեցուածքներուն համար, որովհետեւ այդ կեցուածքները կը վնասեն Ժեմայէլ ընտանիքին եւ լիբանանահայութեան միջեւ հաստատուած պատմական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ կը վնասեն Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան յարաբերութիւններուն։
«Լիբանանահայութեան արժանապատուութիւնը վիրաւորելու այս աժան եւ յարձակողական ոճը պիտի չօժանդակէ, որ կարելի ըլլայ շրջանցել այս հանգրուանը եւ երկու կողմերուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնել, այլ՝ յաւելեալ լարուածութիւն պիտի ստեղծէ անոնց միջեւ։
«Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը պատրաստ է վաղն իսկ կրկնել ընտրութիւնները, որպէսզի անգամ մը եւս ցոյց տայ, թէ ի՛նչ է Հ.Յ.Դ.ի իսկական ներկայացուցչութիւնը, որովհետեւ հաստատ է այն իրականութիւնը, որ լիբանանահայութիւնը նոյն աշխուժութեամբ պիտի ընդառաջէ կուսակցութեան կոչին եւ պիտի ուղղուի քուէարկելու. թերեւս այս անգամ աւելի կ՚ըլլայ քուէարկողներուն աշխուժութիւնը, որպէսզի փաստեն, թէ անոնք կատարեալ վստահութեամբ կը քուէարկեն ի նպաստ իրենց ազատ, գերիշխան եւ ժողովրդավար կուսակցութեան որոշումներուն»։