Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան նախանցեալ օր Պէյրութի «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի (www.voiceofvan.net/html/interviews.html) մը ընթացքին կատարեց վերլուծումը Լիբանանի քաղաքական կեանքի վերջին երկամեակին՝ անդրադառնալով տուեալ ժամանակաշրջանին անկիւնադարձային կէտերուն՝ ՄԱԿի թիւ 1559 որոշում, վարչապետ Հարիրիի սպանութիւն, նախագահական նստաշրջանի հարց, սուրիական ուժերու հեռացում, խորհրդարանի ընտրութիւն-ընտրական օրինագիծ, կառավարութեան կազմութիւն, քաղաքական սպանութիւններ, ապահովական իրավիճակ, ազգային երկխօսութեան նիստեր, իսրայէլեան 33օրեայ պատերազմ եւ վերջապէս՝ ներկայ իրավիճակ:
Խօսելով Հ.Յ.Դ.ի քաղաքականութեան մասին, Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ Հ.Յ.Դ. միշտ ալ եղած է ազգային միասնութեան կառավարութեան ջատագովը՝ տասնամեակներէ ի վեր եւ ոչ միայն այսօր, այլեւ միշտ ալ ունեցած է եւ ունի բոլոր հոսանքներուն ու կողմերուն հետ յարաբերութիւն, միշտ ալ պահանջած ու պաշտպանած է երկիրին գերիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը, միշտ ալ ձգտած է հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարել եւ մանաւանդ միշտ ալ նախանձախնդիր եղած է ինքնուրոյն դիմագիծի պահպանման՝ միայն ու միայն մեկնելով համայնքի եւ մեր ժողովուրդի շահերէն:
Խօսելով հայկական եւ գաղութային հարցերուն մէջ Դաշնակցութեան որդեգրած ինքնուրոյն քաղաքականութեան մասին, Յովիկ Մխիթարեան անդրադարձաւ կուսակցութեան ընդդիմադիր կեցուածքներուն եւ թուեց այն բոլոր պատճառները, որոնք մղած են կուսակցութիւնը յանգելու այդ ընտրանքին եւ որոնք ուղղակի կապուած են ներկայ իշխանութեան, յատկապէս գործադիր իշխանութեան՝ թրքական ուժերու տեղակայման հարց, որ ուղղակի անտեսում ու շրջանցում է հայ համայնքի կամքին, խորհրդարանին եւ դահլիճին մէջ հայութեան ներկայացուցչութեան խնդիրին:
Վերջապէս, Յովիկ Մխիթարեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Հ.Յ.Դ.ի վարած քաղաքականութիւնը երբեք ինքնանպատակ չէ եղած, եւ վերջին հաշուով լիբանանահայ գաղութը իր հոլովոյթը տեղադրած է համազգային գերագոյն նպատակներու իրագործման ծիրին մէջ: