ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ընտրութիւնների վերաբերեալ Հ.Յ.Դ.ն աւանդական մօտեցում ունի: Դաշնակցութեան համար կարեւորն այն է, որ ցանկացած, յատկապէս՝ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններն ընթանան զուտ քաղաքական պայքարի միջոցով: Ակնկալում ենք, որ Հայաստանում իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ այս ընտրութիւններում անպայման այդպիսի մօտեցում կը ցուցաբերի», Յունուար 19ին հրաւիրուած ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց ԱԺ պատգամաւոր, Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Հրայր Կարապետեան եւ աւելցուց, որ այս խորհրդարանական ընտրութիւնները յատկապէս կարեւոր եւ արժէքաւոր են սահմանադրական փոփոխութիւններէն յետոյ կառոյցի լիազօրութիւններու եւ դերի բարձրացումով:
Շարունակելով, Հրայր Կարապետեան ըսաւ. «Հ.Յ.Դ.ն արդէն պատրաստել է իր նախընտրական փլաթֆորմը, որը շատ ծաւալուն է, մօտաւորապէս հարիւր էջ: Ծրագրի հակիրճ տարբերակը՝ հիմնական սկզբունքներով, յատկապէս ԼՂ հիմնախնդրի, տնտեսական, ընկերային ոլորտների մասով յառաջիկայում կը ներկայացնենք ընտրողներին»:
Այնուամենայնիւ, խմբակցութեան ղեկավարը անհաւանական չհամարեց, որ յաջորդ խորհրդարանին մէջ կամ խորհրդարանէն դուրս կուսակցութիւնը ըլլայ ընդդիմութիւն. «Սա կախուած է, թէ ձեւաւորուելիք կառավարութիւնն ինչպիսի քաղաքական գիծ կ’որդեգրի: Եթէ պետական քաղաքականութեան գիծը չի համընկնում մեր գաղափարախօսութեանը, ապա մենք ընդդիմութիւն ենք դառնում, ինչպէս նախկին վարչակարգի օրօք: Այդ ժամանակ կուսակցութեանը շատ աւելին էին առաջարկում, սակայն այդ իշխանութիւնների քաղաքական գիծը բացարձակապէս չէր համապատասխանում մեր գաղափարախօսութեանը, հետեւաբար՝ չհամաձայնեցինք», նշեց Հ. Կարապետեան:
Իսկ ինչ կը վերաբերի ներկայի քաղաքական գիծին, Կարապետեան ըսաւ, թէ ան մեծ հաշուով կը համընկնի Հ.Յ.Դ.ի գաղափարախօսութեան. «Այս կառավարութեան տարբերութիւնն այն է, որ այն առաջնորդւում է ծրագրերով, ինչը մեզ համար ընդունելի է: Ճիշդ է, կան անհամաձայնութիւններ, սակայն մի շարք հարցերի, յատկապէս՝ ԼՂ հիմնախնդրի, արտաքին քաղաքականութեան, տնտեսական եւ ընկերային որոշ ծրագրերի մասով՝ դրանք սկզբունքօրէն ընդունելի են», ընդգծեց Հ. Կարապետեան:
Ան նշեց նաեւ, որ կուսակցութիւնը նախընտրական ծրագիրին մէջ առաւելապէս կեդրոնացած է ստուերային տնտեսութեան դէմ պայքարի եւ վարչական փտախտի դէմ պայքարի ծրագիրին վրայ:
Ան յայտնեց նաեւ, որ ընտրութիւններու նախօրեակին, Հ.Յ.Դ.ն որեւէ քաղաքական ուժի հետ բանակցութիւններ չի վարեր, քանի որ Գերագոյն ժողովը արդէն որոշած է ընտրութիւններուն մասնակցիլ առանձին. «Սակայն չի բացառւում, որ տարբեր խնդիրների վերաբերեալ տարբեր քաղաքական ուժերի հետ կուսակցութեան դիրքորոշումը համընկնի եւ համագործակցենք: Օրինակ՝ ՀՀԿի հետ մեր տեսակէտները, այդ թւում՝ ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորման, Հայ Դատի հարցերում, համընկնում են», ըսաւ Հ. Կարապետեան: Ան այս ընտրութիւններուն եւս հնարաւոր համարեց «Կրանտ հոլտինկ»ի նախագահ Հրանդ Վարդանեանի հետ գործակցութիւնը:
Խմբակցութեան ղեկավարի խօսքով՝ Հ.Յ.Դ.ն, ուղեկից կառոյցներու անդամներէն զատ, այսօր ունի եօթը հազար անդամ. «Այն երբեք բազմաքանակ չի եղել եւ հարկաւոր էլ չէ, որ լինի՝ հաշուի առնելով ծրագրային որոշ դրոյթներ: Այնուամենայնիւ, կուսակցութեան համակիրների թիւը տասնեակ անգամ աւելի շատ է, քան անդամներինը: Այդպիսի արտայայտութիւն կայ. ասում են՝ Հ.Յ.Դ. ուժեղ է իր համակիրներով», նկատեց ան: