ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հ.Յ.Դ. 10րդ համահայկական երիտասարդական բանակումի ծիրին մէջ, Օգոստոս 10ին Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Հ.Յ.Դ. համահայկական երիտասարդական համաժողովին:
Աւելի քան 13 երկիրներէն համաժողովին մասնակցող 150 երիտասարդներ քննեցին հայ երիտասարդներու հիմնախնդիրները Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ. «Նման համաժողովները չափազանց կարեւոր են հայ երիտասարդների հայեցի դաստիարակման համար», լրագրողներուն ըսաւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի խորհրդական Նուարդ Մանասեան: Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան, կարեւոր համարելով համաժողովի եւ առհասարակ բանակումի բարոյահոգեբանական նշանակութիւնը, նշեց, որ համաժողովը առիթ է հայ երիտասարդներուն շփուելու եւ համահայկական բազմաթիւ խնդիրներ քննելու համար:
Երիտասարդները՝ իբրեւ իրենց կեանքի ուղեցոյց եւ չափանիշ, մատնանշեցին Հ.Յ.Դ. գաղափարախօսութիւնը, հաւատքը, հայոց լեզուն, ինչպէս նաեւ հերոսներու գաղափարները եւ այլն:
Նշենք, որ համաժողովը պիտի շարունակուի Արցախի մէջ, Օգոստոս 16ին: