ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան անդամ Ռուբէն Յովսէփեան յայտնեց, թէ կառավարութեան Հոկտեմբեր 26ի որոշումը, ըստ որուն գործող օրհներգ «Մեր հայրենիք»ը ի զօրու է մէկ տարի ժամկէտով՝ մինչեւ նոր քայլերգի երաժշտութիւնը եւ բառերը նոր օրէնքով սահմանելը, կը զօրացնէ գործող քայլերգի պաշտպանութիւնը:
Հոկտեմբեր 27ին հրաւիրուած ասուլիսի ընթացքին, Ռուբէն Յովսէփեան ընդգծեց նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ պաշտպանել «Մեր հայրենիք»ը, իբրեւ Հայաստանի քայլերգ: