ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Դեկտեմբեր 12ին, Աշտարակ քաղաքի Մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն՝ նուիրուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրուան: Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, ԱԺ փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան: Ան համառօտ կերպով անդրադարձաւ կուսակցութեան աւելի քան մէկդարեայ պատմութեան, հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ Դաշնակցութեան ունեցած մեծ դերին:
Հանդիսութեան ընթացքին հնչեցին Խրիմեան Հայրիկի, Նիկոլ Աղբալեանի, Գարեգին Նժդեհի եւ այլ մեծերու միտքերը՝ ըսուած կուսակցութեան մասին: Ելոյթ ունեցան նաեւ սիրուած պարախումբեր եւ երգիչ-երգչուհիներ:
Նշենք, որ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը սկսած է ձեռնարկներու շարք մը՝ նուիրուած Դաշնակցութեան Օրուան։