Հ.Յ.Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 3 Դեկտեմբեր 2006ին, Հելիոպոլիսի «Յուսաբեր» մշակութային միութեան կեդրոնին մէջ՝ ներկայութեամբ Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան դոկտ. Ռուբէն Կարապետեանի, Եգիպտոսի հայոց առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանի, Ազգային իշխանութեանց, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ թիւով ներկաներու։
Այս առիթով, Լիբանանի պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի փոխանցեց օրուան պատգամը՝ ծանրանալու Դաշնակցութեան գաղափարական ուժին, ծառայական առաքելութեան եւ նուիրաբերումի ու զոհաբերութեան պատրաստակամութեան հանգամանքներուն վրայ։
Ան նշեց, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը միշտ պատրաստ եղած է հոն, ուր հայութեան կանչը զինք հրաւիրած է՝ Հայաստանէն Սփիւռքի հեռաւոր անկիւնները, Արցախ ու Չաւախք, առանց խտրութիւն դնելու գործի տեսակին մէջ։ Յեղափոխական գործունէութիւն, Հայ Դատի հետապնդում, քաղաքական ներկայութիւն, մշակութային ու կրթական աշխատանքներ թէ հայ ժողովուրդին առօրեան, եղած են Հ.Յ.Դաշնակցութեան գոյութեան իմաստը, որմէ աւիշ ստացած է հայ ժողովուրդը։
Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի կացութեան եւ հայութեան ներկայութեան, ան ըսաւ. «Միջին Արեւելքի մէջ հաստատուած հին, թէ Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք կազմուած հայկական գաղութները անցնող տասնամեակներու ընթացքին լաւագոյն վկաները եղած են Հ.Յ.Դաշնակցութեան գաղափարական, ծառայական ու նուիրաբերումի առաքելութեան։ Միջին Արեւելքի հայութիւնը եղած է ու կը մնայ Հ.Յ.Դաշնակցութիւն կոչուած կաղնին պարարտացնող կենսական աւիշը։ Թուրքիայէն տեղահանուած, Հայաստանէն հալածուած Դաշնակցութիւնը իր բնական հողը գտաւ հոս, արաբական ասպնջական երկիրներու հայութեան մէջ ու իր կարգին ոչինչ զլացաւ անոր, թէ՛ գաղափարական, թէ՛ կազմակերպական, թէ՛ գաղութային աշխուժացման եւ թէ հայապահպանման ճակատներուն վրայ։ Ու եթէ երբեք իր այս առաքելութեան կենսագործման համար ան պարտաւորութիւնը ունեցաւ նահատակներ տալու, ան ոչ իսկ վայրկեան մը վարանեցաւ ու տուաւ իր ուժերուն լաւագոյնը, որպէսզի ամուր մնան մեր հայրենամերձ գաղութները եւ վառ մնայ Հայ Դատի հետապնդման համար շարունակաբար բարձրացող մշտաբորբոք ջահը։
«Դժուար օրեր կը դիմագրաւէ Միջին Արեւելքի հայութիւնը՝ Լիբանանէն Իրաք եւ այլուր, միջազգային քաղաքական փոփոխութիւնները, իւրաքանչիւր երկիրի մէջ անցեալին թէ ներկայիս պատահող դէպքերը, տնտեսական դժուարութիւններն ու ընկերային փոփոխութիւնները սուր պատճառներ կը հանդիսանան գաղութներու նօսրացման ու արտագաղթի։ Այնուհանդերձ, հայրենամերձ այս շրջանները տակաւին կը պահեն ներուժը միշտ ըլլալու Սփիւռքի արիւնատար երակ եւ մնալու Հայաստանի եւ Հայութեան հզօրացման ի սպաս կռուան։ Ու այս առնչութեամբ եւ հակառակ գոյութիւն ունեցող վարանումներուն, տատանումներուն, այլասերումի եւ օտարամոլութեան ախտերուն, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ճակատաբաց կը կրէ մարտահրաւէրը, կը վերցնէ ձեռնոցը ու քաջաբար կը լծուի աշխատանքի։ Քայլերը կրնան ըլլալ դանդաղ, կրնան ըլլալ անհաճոյ, սակայն մեր ժողովուրդին վստահութիւնը առաջնորդող ճրագ նկատելով ու հաստատակամութեամբ պիտի կատարուի այս աշխատանքը եւս։ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները պիտի մնան մշտավառ փարոս»։
Գահիրէ իր կեցութեան ընթացքին, երեսփոխան Բագրատունի այցելութիւններ տուաւ Հայաստանի դեսպանին, հայ կաթողիկէ եւ հայ առաքելական առաջնորդներուն, կրթական հաստատութեանց եւ «Յուսաբեր» մշակութային միութեան կեդրոնը։