ՆԻՒ ՏԷԼՀԻ, «Ռոյթըրզ».- Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2ին, Հնդկաստանի մէջ կամուրջ մը փուլ եկաւ իր տակէն անցնող շոգեկառքի վակոնի մը վրայ՝ պատճառելով 34 զոհ։ Փրկարար ջոկատներ դուրս բերին 33 դիակ եւ տասնեակներով վիրաւորներ։ Վիրաւորներէն մէկը մահացաւ Կիրակի առաւօտ: Երկիրին արեւելեան Պիհար նահանգի Պակալփուր շրջանին մէջ գտնուող 150 տարուան կամուրջը անապահով ըլլալուն համար կը քանդուէր տեղական իշխանութեան կողմէ։ Երեք կամարներէն երկուքը արդէն վերցուած էին, եւ երրորդն է, որ պատճառեց աղէտը։ Երկաթուղիներու հարցերու նախարար Լալու Փրասատ պահանջեց հետաքննութիւն կատարել, եւ սառեցուց կամուրջը քակելու աշխատանքներուն պատասխանատու երկու ճարտարագէտներուն պաշտօնավարութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.