ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հոլանտայի Քրիստոնեայ ժողովրդավարական կուսակցութիւնը որոշած է թրքածին Օսման Էլմաճիէն Եւրոպական խորհրդարանի մէջ աթոռ ունենալու իրաւունքը խլել, որովհետեւ ան կը շարունակէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող յայտարարութիւններ կատարել, հակառակ այդ կապակցութեամբ կուսակցութեան որդեգրած կեցուածքին:
Յիշեցնենք, թէ Էլմաճի Հոլանտայի խորհրդարանական ընտրութեանց մասնացկելու իր իրաւունքը եւս կորսնցուցած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալուն համար:
Նկատի ունենալով, որ հոլանտական կուսակցութեան անդամ Եւրոխորհրդարանի անդամ մը հրաժարած էր եւ անոր անմիջական յաջորդողը որոշած էր այդ պաշտօնը չստանձնել, Էլմաճի կրնար Եւրոպական խորհրդարանի անդամ դառնալ:
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի վարիչ-տնօրէն Լորան Լէյլէքեան ողջունեց հոլանտական կուսակցութեան այս քայլը եւ աւելցուց, թէ «խօսքի ազատութեան» քօղին տակ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը պարզապէս յաւելեալ ցեղային ատելութիւն կը սերմանէ:
Ան նաեւ կոչ ըրաւ Քրիստոնեայ ժողովրդավարական կուսակցութեան, որ խստապահանջ ըլլայ նաեւ կուսակցութեան այլ անդամի մը՝ Թուրքիոյ մասին վերջին տեղեկագիրը պատրաստած Օմէն-Ռույթէնի նկատմամբ, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը Եւրոմիութեան անդամակցութեան նախապայմաններէն մէկը չէր դարձուցած:
«Այդ քայլը նոյնքան մտահոգիչ է, որքան Էլմաճիի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բացայայտ ուրացումը», յայտնեց Լէյլէքեան: