Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Քրիս Հոլտընի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ կարելի եղած է 2 միլիոն տոլարի աջակցութիւն ապահովեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան՝ ՀԵԴի Պիկ Փայնզի եւ Թուին Վելիզի մէջ գտնուող երկու ճամբարները վերանորոգելու աշխատանքներուն համար։
Յիշեցնելով, որ ճամբարները 1977էն ի վեր աշխուժ գործունէութիւն կը տանին՝ ի նպաստ երիտասարդութեան՝ Հոլտըն յայտնեց, թէ վերանորոգումը պիտի նպաստէ ճամբարները աւելի ապահով եւ նպաստաւոր դարձնելու նպատակին, յոյժ կարեւոր նկատելով պատանիներու եւ երիտասարդներու դաստիարակութեան միտուած աշխատանքները։
ՀԵԴ ճամբարի վարչութեան ատենապետ Սերոբ Չալեան այս առիթով խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Հոլտընին, որ անցնող շաբաթավերջին այցելեց ՀԵԴի ճամբարները՝ մօտէն ծանօթանալով հոն իրականացուող ծրագիրներուն, որոնց շարունակութեան ապահովումը ան շատ կարեւոր նկատեց։