ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ երկկողմ ռազմական գործակցութեան 2007ի ծրագիրի համաձայն Հոկտեմբեր 4-7ին հայկական պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Ուքրանիա: Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուութեան, պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ հայկական բանակի գլխաւոր սպայակոյտի պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, զօրավար Սէյրան Օհանեանը: