Մայիս 18ին հրաւիրուած է մամուլի ասուլիս՝ «Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ» հանրային շարժման կազմաւորման մասին հանրութիւնը իրազեկելու նպատակով։
Հանրային շարժման նախաձեռնող խմբի անդամներ Ռուբէն Վարդանեանը, Զոյա Սարգսեանը, Կարէն Բազեանը, Դաւիթ Մանուկեանը, Դաւիթ Բաղրեանը եւ Նարինէ Աղաբալեանը խօսած են նախաձեռնութեան մասին ու պատասխանած լրագրողներու հարցերուն։
Իր խօսքին մէջ Նարինէ Աղաբալեան նշած է, որ նախաձեռնութեան միացած է՝ գիտակցելով պահի լրջութիւնը, հայրենիքը կորսնցնելու սպառնալիքը եւ իր անձնական պատասխանատուութիւնը հայրենիքին հանդէպ։
Շարժման համակարգող Ռուբէն Վարդանեան տեղեկացուցած է, որ Արցախի ապագան ինքնուրոյն որոշելու գաղափարի շուրջ միաւորուած են տարբեր տարիքի, տարբեր ճանապարհ անցած, տարբեր փորձով մարդիկ, որ գաղափարին շուրջ միաւորման կարեւոր օրինակ է։ «Մենք պատասխանատու ենք մեր ապագային համար։ Առաջին կարեւոր քայլը այն էր, որ կրցանք իրարու աչքերուն մէջ նայելով խօսիլ անցեալի մասին, խօսիլ գաղափարի մասին։ Առանց գաղափարի գործողութիւններ ընելը շատ վտանգաւոր է։ Ուրախ եմ, որ բոլորս միաւորուած ենք նպատակի եւ գաղափարի շուրջ, կրցած ենք անձնական, կուսակցական տարբեր շահերը ձգել մէկ կողմ եւ իրարու լսել, ձեւաւորել ընդհանուր ճակատ, որ ամէն ինչ պիտի ընէ, որ Արցախը ըլլայ անվտանգ, հայկական եւ ազատ»,- ըսած է Ռ․ Վարդանեան՝ վստահութիւն յայտնելով, որ շարժման պիտի միանան հազարաւոր մարդիկ Արցախէն, Հայաստանէն եւ հայկական աշխարհէն։
Ան ըսած է, որ «Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ»-ի շրջանակին մէջ կազմուած է ծաւալուն փաստաթուղթ, որ կը ներառէ աշխատանքային քարտէս ու 77 կէտ։
Վարդանեանի խօսքով՝ անցած է կիսաքայլերու, կիսատ գործողութիւններու ժամանակը եւ միաւորուելով պէտք է ցոյց տալ, որ պատրաստ են մինչեւ վերջ երթալու յանուն իրենց հայրենիքի։
Շարժման նախաձեռնողներէն Դաւիթ Մանուկեան նշած է, որ ապրելով Արցախի մէջ՝ երբեւիցէ չէ պատկերացուցած, որ կ՛ընդգրկուի քաղաքական, հասարակական շարժման մը մէջ, որովհետեւ ունեցած է նեղ յստակ մասնագիտութիւն։ «Այս գործընթացը պարտադրուած է Ատրպէյճանի իշխանութեան, Հայաստանի իշխանութեան կողմէ վարուող հակաարցախեան քաղաքականութեամբ, ինչու չէ նաեւ Արցախի մէջ փոքր խմորումներով։ Այս ճակատին հայեցակարգը, գործելակերպը իրականացուցած են մարդիկ, կուսակցութիւններ, հասարակական կառոյցներ, անհատներ, որոնք իրենց աշխատանքին իբրեւ արդիւնք ձեւաւորած են այն տեսլականը, ծրագիրները, որոնք պէտք է համատեղ իրականացնենք։ Պայքարը չ՛ենթադրեր միայն քաղաքական ոլորտը, այլեւ ունի տնտեսական, անվտանգային համակարգի հետ առնչուող հայեցակարգ։ Յոյսով եմ՝ այն մարդիկ, որոնց հետ առիթ ունեցած ենք յանուն Արցախի Հանրապետութեան պայքարելու, կը վստահին մեր խօսքին, մեր անցած ճանապարհին եւ կը միանան այս գործընթացին, որ ուղղուած չէ ոեւէ մէկուն դէմ, այլ՝ յանուն Արցախի է», ըսած է ան։
«Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ» հանրային շարժման հռչակագիրին մէջ կը նշուի, որ անիկա համաժողովրդական շարժման ձեւաչափով ԱԶԱՏ, ԱՆՎՏԱՆԳ, ԵՐՋԱՆԻԿ եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՑԱԽ գաղափար-նպատակին շուրջ կամաւոր հիմունքներով միաւորում է, ուր ներգրաւուած են քաղաքական ուժեր, հասարակական կազմակերպութիւններ եւ անհատ քաղաքացիներ:
Արցախը հայկական պահելու, անոր ամբողջականութիւնն ու գերիշխանուութիւնը ապահովելու գերխնդրի իրագործման համար շարժումը իր առջեւ նպատակ դրած է համախմբելու հայութեան բոլոր հատուածներն ու առաջին հերթին, Արցախի հանրային, քաղաքական, մտաւորական, մասնագիտական եւ այլ շրջանակներ:
Հռչակագիրին մէջ նաեւ կը նշուի․
«Նման իրավիճակի մէջ մենք իրաւունք չունինք անտարբեր հետեւելու եւ դիտորդի դերի մէջ մնալու։ Պահը օրհասական է եւ իր երկրի ճակատագրով մտահոգ իւրաքանչիւր հայորդուց, Արցախի հանդէպ համակրանք ունեցող ամէն մէկ բարեկամէ կը պահանջէ հայրենասիրական մղումները, կարողութիւններն ու նուիրումի պատրաստակամութիւնը ուղղել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին համար պայքարին՝ բոլոր հնարաւոր միջոցներով։
«Մեր նախնիներէն ստացած հարազատ ու ծաղկուն Արցախը հայկական պահելու սուրբ նպատակին համար մենք, հրաժարելով նեղ անձնական շահերէ, վեր կանգնելով կուսակցական, պաշտօնական դիրքերէ, կը հռչակենք «Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ» հանրային շարժումը՝ որպէս համախմբման ու միասնաբար պայքարելու կամքի եւ վճռականութեան դրսեւորում:
«Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ընդունին մեր կողմէ յայտարարուած գաղափար-նպատակը, որոնք կը գիտակցին իրենց պատասխանատուութիւնը Հայրենիքին հանդէպ, որոնց համար թանկ են հայկական արմատներն եւ մեր երեխաներուն ապագան՝ կրնան միանալ մեզի՝ անդամակցելով հանրային շարժման եւ զօրացնելով Արցախի անվտանգութեան ու զարգացման ճակատը»: