Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Հրանդ Տինքի սպանութեան առիթով, Մուսա լերան (Հաթայ նահանգ) Վագըֆ գիւղին մէջ սուգի հսկում տեղի ունեցաւ Կիրակի օր:
Արդարեւ, այդ օր գիւղի բնակիչներէն 100 հոգի (գիւղի բնակչութիւնը ընդամէնը 150 հոգի է) սուգի եւ բողոքի հսկում կատարեցին Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ առջեւ:
Անոնց այցելեցին նահանգէն թուրք անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին Հաթայի ատամնաբոյժներու ընկերակցութեան նախագահ տոքթ. Նեպիլ Սէյֆէթթին, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու սենտիքայի նահանգային մասնաճիւղի նախագահը:
Գիւղապետ Պերճ Գարթունեան շնորհակալութիւն յայտնեց այցելուներուն իրենց վշտակցութեան համար եւ յոյս յայտնեց, որ նման սպանութիւններ երբեք տեղի չեն ունենար: