Կիրակի, Յունուար 21, 2007ի երեկոյեան ժամը 6ին, Կլէնտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցած համահայկական դատապարտումի հաւաքէն ետք, Երեքշաբթի, 23 Յունուար 2007ին, Արեւմտեան Ամերիկայի հայկ. երեք քաղաքական կուսակցութիւններու անունով հրատարակուեցաւ հետեւեալ միացեալ հաղորդագրութիւնը.-
Պոլսահայ ականաւոր մտաւորական եւ «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինք Ուրբաթ, 19 Յունուար 2007ին զոհ գնաց ոճրագործ թուրքի դարանակալ գնդակին, զայրոյթի ու ընդվզումի լայնատարած ալիք բարձրացնելով աշխարհասփիւռ հայութեան մօտ եւ միջազգային շրջանակներէ ներս:
Աղաղակող իրականութիւն է, որ Հրանդ Տինք զոհ գնաց՝
Ազատ կարծիքի իր իրաւունքը օգտագործած եւ ճշմարտութիւնը անվարանօրէն արտայայտած ըլլալու համարձակութեան,
Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ որդեգրած խիզախ կեցուածքին,
Թուրք իշխանութեանց կողմէ փոքրամասնութիւններու հանդէպ ցուցաբերած խտրականութեան եւ թուրք ազգայնամոլ տարրի անհանդուրժողականութեան ոգիին։
Կանխելու համար նորանոր Հրանդ Տինքերու ահաբեկումները, կը պահանջենք, որ
– Թրքական կառավարութիւնը վերջ տայ Ցեղասպանութեան ուրացման ու խտրականութեան իր քաղաքականութեան,
– Թրքական պետականութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ իր սահմանադութեան եւ քրեական օրէնսգրքի բոլոր այն կէտերը, յատկապէս թիւ 301 յօդուածը, որոնք զինք հեռու կը պահեն քաղաքակիրթ աշխարհի լիիրաւ անդամը դառնալու հնարաւորութենէն,
– Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները վերջ տան Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնելու ձգձգումի մարտավարութեան, որ յագուրդ կու տայ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան։
Վերջապէս, կը յուսանք, որ թուրք մտաւորականութիւնը, շարունակելով Հրանդ Տինքի ահաբեկման յաջորդող օրերուն իր ցուցաբերած արդարամիտ ու համամարդկային մօտեցումը, հիմը դնէ Հրանդ Տինքի ջատագոված այն հասկացութեան, որ Թուրքիան ամբողջապէս տէր կանգնի իր պատմութեան եւ անկէ բխող բոլոր պատասխանատուութեանց՝ յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան անառարկելի փաստին:
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՉԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
23 Յունուար, 2007