ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երկուշաբթի, Փետրուար 12ին, Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքէլ Տինք, երեք զաւակները եւ Հրանդին եղբայրը՝ Օրհան Տինք, միասնաբար դիմեցին Պէշիկթաշի դատարան եւ դատական բողոք ներկայացուցին հանդէպ անոնց, որոնք թերացած էին Հրանդ Տինքը պաշտպանելու իրենց պարտականութեան մէջ, հակառակ այն իրողութեան, որ իշխանութիւնները Տինքի դէմ մահափորձի մը մասին տեղեկութիւններ ունէին:
Անոնք կը պնդեն, որ թերացում արձանագրուած է ապահովական ուժերուն կողմէ եւ կը շեշտեն, թէ հատուցում պիտի պահանջեն այդ թերացողներէն։
Տինքի ընտանիքին անդամները պահանջեցին նաեւ, որ երեւան հանուին ոճիրին ետին կեցող մութ տարրերը։ Անոնք իբրեւ գլխաւոր վկայ պիտի ուզեն Էրհան Թունճէլը, որ ոստիկանութեան գործակալ մըն էր եւ միաժամանակ գործակցած էր Տինքի մահափորձը ծրագրողներուն հետ:
Երեքշաբթի օր նաեւ հաղորդուեցաւ, թէ Տինքի հասցէին սպառնական համացանցային նամակներ ղրկած կասկածելի մը ձերբակալուած է, սակայն մանրամասնութիւններ չբացայայտուեցան:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ Երկուշաբթի օր դարձեալ արտայայտուեցաւ քրէական օրէնքի 301րդ յօդուածը բարեփոխելու հարցին մասին եւ ընդունեց, թէ յօդուածը անպայման պէտք է բարեփոխուի: Երբ լրագրողներ յիշեցուցին, որ Եւրոմիութիւնը այս յօդուածին փոփոխութիւն կը պահանջէ, Կիւլ ըսաւ, որ Թուրքիա զայն պիտի փոխէ ոչ թէ արտաքին ճնշումին պատճառով, այլ անոր համար, որ այս յօդուածը շուքի տակ կը պահէ Թուրքիոյ բարեփոխումներու գործընթացը։ «Ասիկա ամերիկացիներուն կամ եւրոպացիներուն հարցը չէ, մե՛ր հարցն է», ըսաւ Կիւլ։
«Ես կ՚ուզեմ, որ այս յօդուածը փոխուի, որովհետեւ այս յօդուածին պատճառաւ արտաքին աշխարհի մէջ այն տպաւորութիւնը կը տիրէ, թէ Թուրքիոյ մէջ բերանը բացողը կը բանտարկուի, թէ բանտերու մէջ հարիւրաւոր լրագրողներ, մտաւորականներ ու գրագէտներ կան, մարդիկ իրենց գաղափարը արտայայտելու ազատութիւն չունին», ըսաւ ան։
Այս հարցի մէջ, նոյնիսկ կառավարական շրջանակներէն հակասական ձայներ կը բարձրանան։ Արդարադատութեան նախարար Ճէմիլ Չիչէք շարունակ կը յիշեցնէ, թէ դիւրին չէ փոխել այս յօդուածը եւ շատ ստիպողական պահանջ մը չի նկատեր այդ մէկը: Հակասելով Կիւլին, ան Երկուշաբթի օր դարձեալ պնդեց, թէ մասնաւոր թուական մը չէ ճշդուած 301ի բարեփոխման համար։