Պոլսոյ «Ակօս» շաթաթերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութիւնը անցեալ շաբաթավերջին մեծ ցնցում առաջացուց հայութեան կեանքին մէջ, ներգրաւելով նաեւ ամբողջ քալիֆորնիահայութիւնը՝ Լոս Անճելըսէն Ֆրեզնօ եւ Սան Ֆրանսիսքօ: Անմիջական հակազդեցութիւնները եղան սուգի արտայայտութիւններ՝ հսկում ու հոգեհանգստեան արարողութիւններ, ինչպէս նաեւ ժողովրդային հաւաքներ ու մամլոյ արձագանգումներ։ Զոյգ առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Յովնան արք. Տէրտէրեանի տնօրինումով, երկու թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւններ, ի յիշատակ Հրանդ Տինքի:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ օր, յանուն թեմի հոգեւորականաց դասուն ու ժողովականութեան, ցաւակցական ու զօրակցական գիր մը յղեց Պոլսոյ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի, միաժանամակ ցաւակցութիւն յայտնելով հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ Պոլսոյ հայ գաղութին։
Նոյն առիթով, առաջնորդ սրբազանը հեռաձայնային հաղորդակցութեան մէջ մտաւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան ատենապետ Սիմոն Աճիլաճօղլուի հետ, ցաւ յայտնեց մեծ կորուստին համար, միաժամանակ զօրակցութիւն յայտնելով միութեան ու քաղաքիս պոլսահայ գաղութին։
ՀՍԿՈՒՄ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, նոյն երեկոյեան ժամը 5:30ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ հսկումի եւ հոգեհանգստեան արարողութիւններ տեղի ունեցան ի յիշատակ Հրանդ Տինքի։ Յանուն առաջնորդ սրբազանին, արարողութեանց ներկայ եղաւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան։ Արարողութեանց առընթեր, տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն։ «Լոս Անճելըս թայմզ» օրաթերթը արձագանգ եղաւ այս արարողութեանց։
Նմանապէս առաջնորդ սրբազան հօր տնօրինումով, Կիրակի, 21 Յունուար 2007ին հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն կատարուեցաւ թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի։
«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՁԱՅՆՆ ԷՐ»
Առաջնորդ սրբազանը նախագահեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ այս առիթով տուաւ իր պատգամը։ Ներկայ էին Ազգային վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի, շրջանի «Ռոստոմ» կոմիտէի, Պոլսահայ միութեան եւ հայկական այլ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները ու հարիւրաւոր հաւատացեալներ։
Իբրեւ իր քարոզին բնաբան՝ առաջնորդ սրբազանը ընտրած էր Յովհաննու Աւետարանի Գ. գլուխի 19-21 համարները, ուր կ՚ըսուի. «Հակառակ անոր, որ լոյսը (Աստուածորդին) աշխարհ եկաւ, մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին։ Ով որ չար գործ կը կատարէ, կ՚ատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին։ Սակայն ով որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է, լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած»։ Սրբազանը աստուածաշնչային այս պատգամը վեր առնելով, անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ պատմութեան ընթացքին, Լոյսի ու Խաւարի հետեւորդներու միջեւ անդադար մրցակցութիւն ու ճակատում տեղի ունեցած է ու կը շարունակուի նաեւ այսօր, լոյսի, արդարութեան ու ճշմարտութեան ձայնին դէմ միշտ ալ պայքար մղած են խաւարի ու խաւարամտութեան ուժերը, փորձած են մարել այդ լոյսը ու խեղդել արդարութեան ձայնը, սակայն լոյսն ու ճշմարտութիւնը տարած են վերջնական յաղթանակը։ Առաջնորդ սրբազանը այս մօտեցումով բացատրեց Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, որ թէեւ կատարուած է ծայրայեղական երիտասարդի մը կողմէ, սակայն բացայայտ է, որ անոր ետին կը կանգնի Թուրքիոյ պետութիւնը, հայութեան հանդէպ իր անհանդուրժող ու Ցեղասպանութիւնը ուրացող կեցուածքներով։ «Հրանդ Տինք արդարութեան ու իրաւունքի ձայնն էր, զոր փորձեցին խեղդել այս ահաւոր ոճիրով, սակայն ճշմարտութեան ու արդարութեան ձայնը կարելի չէ լռութեան մատնել, որովհետեւ Հրանդ Տինքի ձայնը պիտի շարունակէ հնչել իւրաքանչիւր հայու մէջ», ընդգծեց սրբազանը, ու այս առիթով, անգամ մը եւս յանուն թեմի հոգեւորականութեան ու ժողովականութեան, ցաւակցութեան խօսք ուղղեց հանգուցեալի ընտանիքին ու Պոլսահայ միութեան։
ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՊԱՇՏՕՆ
Հրանդ Տինքի յիշատակին, Պըրպէնքի առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ եւս հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն կատարուեցաւ Յունուար 19ի երեկոյեան ժամը 8ին՝ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ եւ մասնակցութեամբ Վաչէ արք. Յովսէփեանի, Լոս Անճելըսի շրջանի հոգեւորականներու եւ «Խաչատուրեան» դպրաց դաս-երգչախումբին:
Հոգեւորականները «Տէր ողորմեա»ի երգեցողութեամբ թափօրով առաջնորդուեցան դէպի «Գալայճեան» սրահ: Նախ տեղի ունեցաւ կոկիկ յայտագիր մը: Հանդիսավարն էր իրաւաբան Էտվին Մինասեան, որ բացումը կատարեց այս տխուր ձեռնարկին եւ հանգուցեալի յիշատակին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութիւն յայտարարեց: Ապա հրաւիրեց Պոլսահայ միութեան ատենապետ Սիմոն Աճըիլաճօղլուն, որ յուզումով արտայայտուեցաւ հանգուցեալի կեանքին եւ գործերուն մասին, նկատի ունենալով, որ զինք անձամբ կը ճանչնար եւ առիթը ունեցած էր զինք այցելելու Պոլսոյ մէջ:
Րաֆֆի Մանուկեան Կլէնտէյլի քաղաքապետարանի խորհուրդին անունով իր խօսքը ուղղեց, յայտնելով, թէ մարդկային իրաւունքներու եւ արդարութեան պաշտպան մըն էր հանգուցեալը: Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի 43րդ ընտրաշրջանի ներկայացուցիչ Փօլ Գրիգորեան իր սրտի խօսքը ուղղեց խորհրդարանին անունով եւ յայտնեց, թէ ցեղասպանութիւնը տարբեր ձեւով կը շարունակուի Թուրքիոյ մէջ: Armenian Bar Association-ի անունով արտայայտուեցաւ իրաւաբան Ֆրէնք Ծերունեան: Ապա ներկաները յուզումով դիտեցին անցեալ տարուան Նոյեմբեր 5ին առաջնորդարանի նոյն սրահին մէջ Հրանդ Տինքի ելոյթէն հատուածներ:
Օրուան գլխաւոր պատգամը փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր հաւաքուած ենք աղօթելու Հրանդ Տինքի հոգիին համար, Աստուծոյ վերառաքելու համար նաեւ շնորհակալական խօսք անոր համար, որ իր կեանքը դարձաւ վկայութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ի խնդիր: Ազգի կեանքին մէջ կան երկու խումբի պայքարողներ, որոնք կը հաւատան արդարութեան ու ճշմարտութեան: Առաջին խումբին պատկանողները կ’ապրին ու կը գործեն ազատ աշխարհին մէջ, իսկ երկրորդ խումբի պայքարողները, որոնց մէջ առաջնորդող դերը վերցնողներէն եղաւ Հրանդ Տինքը, կ’ապրին ու կը գործեն ամէն վայրկեան կեանքին սպառնացող պայմաններուն մէջ»:
Իսթ Լոս Անճելըսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Խաչատուրեան» դպրաց դաս-երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի, երգեց հոգեհանգստեան շարականները: Հալիվուտի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ առաջնորդական փոխանորդը՝ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան կարդաց հոգեհանգստեան Աւետարանը: Ապա Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան անգլերէնով հատուած մը կարդաց՝ առնուած Սի.Էն.Էնէն:
Արարողութեան աւարտին, բոլոր ներկաները դուրս ելան համալիրէն եւ ուղղուեցան դէպի այն վայրը, ու պիտի կառուցուի Մայրը տաճարը: Հոն տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ դարձեալ աղօթք Հրանդ Տինքի հոգիին համար:
Ներկաները խոր ցաւով բաժնուեցան առաջնորդարանէն:
Աւելցնենք, որ Կիրակի, 21 Յունուարի երեկոյեան, զոյգ առաջնորդները ներկայ եղան համագաղութային սուգի ու դատապարտումի հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Ա. Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ հայկական բոլոր յարանուանութեանց, կուսակութեանց, Ազգային վարչութեան, միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ պետական անձնաւորութիւններու (Լուրը տեսնել առաջին էջով)։
Նշենք նաեւ, որ իբրեւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ, Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, ընկերակցութեամբ Նարեկ քհնյ. Փեհլիվանեանի, Շաբաթ, 20 Յունիսի առաւօտուն, ներկայ եղաւ Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ Հայ Դատի Յանձնախումբին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսին։