ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Տինքի սպանութեան առնչութեամբ առաջ տարուած քննութիւնները նոր ցնցումներ առաջացուցին Պոլսոյ ոստիկանութեան կառոյցէն ներս, երբ որոշուեցաւ պաշտօնազուրկ ընել ոստիկանութեան գաղտնի սպասարկութեան բաժնի տնօրէն Ահմատ Իլհան Կիւլէր, որովհետեւ ան ոստիկանապետին չէր հաղորդած, թէ Հրանդ Տինքի դէմ մահափորձ ծրագրուած է:
Կիւլէր իր մասին քննութիւն կատարող քննիչներուն յայտնեց, թէ մէկ տարի առաջ ոստիկանութեան գործակալ Էրհան Թունճէլի կողմէ ղրկուած այդ տեղեկութիւնը չէ փոխանցած ոստիկանապետին եւ այս խոստովանութիւնը պատճառ դարձաւ, որ ան իր պաշտօնը կորսնցնէ։
Կիւլէր եւ իր գործակիցները հարցաքննութեան ընթացքին ըսած են, որ նամակը ստանալէ ետք կարգ մը քննութիւններ ըրած են, բայց յատկանշական տուեալներ չէին գտած: Անոնք նաեւ յոյս ունէին, որ Տրապիզոնի իրենց պաշտօնակիցները կը շարունակեն ուշադրութեան տակ պահել կասկածելիները եւ վստահ էին, որ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուէին, եթէ կասկածելիները դէպի Պոլիս ճամբայ ելլէին: