Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինք արժանացաւ նորվեկիական «Պիորնսըն» մրցանակին՝ թրքական մամուլին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին արտայայտուելուն համար։
Տինք մրցանակը պիտի ստանայ Նոյեմբեր 24ին, Նորվեկիոյ Մոլտէ քաղաքին մէջ։ Մրցանակին կ’ընկերանայ նաեւ մօտաւորապէս 15,000 տոլար գումար մը:
Մրցանակը կը տրուի «Պիորնսըն» հիմնարկին կողմէ, որ հաստատուած է 2003ին՝ խօսքի ազատութիւնը պաշտպանելու համար։ Հիմնարկին մաս կը կազմեն Նորվեկիոյ երկու նախկին վարչապետներ, քաղաքական անձնաւորութիւններ, գրողներ եւ լրագրողներ։
Հիմնարկի նախագահ Քնութ Օտէկարտ ըսաւ, թէ Նոյեմբեր 24ին տեղի ունենալիք սեմինարը պիտի կեդրոնանայ Հայկական հարցին վրայ։