ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լոս տեսաւ Գուրգէն Մահարիի (1903-1969) «Արտամետեան գիշերներ» ժողովածուն, որ կը պարունակէ հեղինակի՝ 1917-1920ին վերաբերող անտիպ եւ մոռցուած էջերը:
Գիրքին մէջ ներկայացուած արձակ եւ չափածոյ բանաստեղծութիւնները գրուած են արեւմտահայերէն: Անոնք պահուած են տարբեր արխիւներու եւ Յովհաննէս Թումանեանի գզրոցներուն մէջ: Յայտնի է, որ երբ անցեալ դարասկզբին Վալերի Պրիւսով կազմած է հայկական բանաստեղծութեան ժողովածուն, Մահարիի երկու բանաստեղծութիւնները ռուս գրողը թարգմանած է Թումանեանի յանձնարարութեամբ:
Գիրքին մէջ ներկայացուած է նաեւ Մահարիի հրապարակագրութիւնը, եւ կը պարունակէ հարուստ ծանօթագրութիւններ: