ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Հայաստանի հանրապետութեան կուսակցութիւններ» տեղեկագիրը կը տրամադրէ համապարփակ եւ սպառիչ տեղեկատուութիւն Հայաստանի բոլոր արձանագրուած կուսակցութիւններու մասին: Այս մասին գիրքի ողջունահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Յուլիս 13ին, յայտարարեց ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի ղեկավարի պաշտօնակատար Մարք Պոյեանիչ:
Ան նշեց, որ տեղեկագիրը ոչ միայն կը նպաստէ կուսակցութիւններու քաղաքական ծրագիրներու մասին հանրային իրազեկութեան բարձրացման, այլ նաեւ կը խթանէ կուսակցութիւններու թափանցիկ գործելակերպը:
Ըստ Մ. Պոյեանիչի, այժմ Հայաստանի մէջ արձանագրուած են 75 քաղաքական կուսակցութիւններ. «Սա բաւականին մեծ թիւ է 3 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրի համար: Յուսով եմ, որ կուսակցութիւնների նման թիւը ունի համապատասխան պահանջարկ հասարակութեան մէջ», ըսաւ ան:
Նշենք, որ տեղեկագիրը կազմուած է Քաղաքացիական եւ ընկերային զարգացման հիմնադրամի կողմէ, ԵԱՀԿ Երեւանեան գրասենեակի եւ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան աջակցութեամբ: Ան հրատարակուած է հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով, 800 տպաքանակով: