«Հայրենիք».- Շաբաթ, Յուլիս 14ին, Պոլսոյ Հալիճիօղլու թաղամասի հայկական գերեզմանատան մէջ օծուեցաւ նորակառոյց Ս. Ստեփանոս մատուռը։
Այս գերեզմանատունը Պոլսոյ հայկական գերեզմանատուներու հնագոյնն է, որ գոյութիւն ունեցած է 1666 թուականէն սկսեալ։ Սոյն գերեզմանատան կից ժամանակին կանգնած էր Ս. Ստեփանոս եկեղեցին եւ «Ներսիսեան» վարժարանը։ Այս շրջանին մէջ երկար տարիներու ծառայութիւն ունեցած ազգայիններէն Սարգիս Նալէյեան «Հայրենիք»ին յայտնեց, թէ «տարիներ առաջ, ճանապարհաշինութեան պատճառով վերացան ե՛ւ եկեղեցին ե՛ւ վարժարանը, ինչպէս նաեւ գերեզմանատան մէկ մասը։ Հետագային «Ներսիսեան» վարժարանը Սկիւտար տեղափոխուեցաւ, իսկ գերեզմանատունը պարսպապատուեցաւ իր ներկայ սահմաններով։ Վերջերս շինարարական յանձնախումբ մը կազմուեցաւ, որպէսզի կառուցուի այս մատուռը»։
Շինարարական յանձնախումբի ատենապետ Կարօ Համամճեան յայտնեց, թէ շինարարական գործը տեւած է շուրջ վեց ամիս, իսկ այս շինութեան նուիրատուն Պոլսոյ ծանօթ բարերար Պետրոս Շիրինօղլուն է։
Ազգային զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ Ս. Ստեփանոս մատուռին օծումը կատարեց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեան։
Օծման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 4ին։ Արարողութենէն մէկ ժամ առաջ գերեզմանատան պարիսպին կից ծառերուն մէջ հրդեհ մը բռնկեցաւ, որ կազմակերպիչներու անհանգստութեան պատճառ եղաւ։ Հրշէջները անմիջապէս հասան հրդեհի վայր եւ կրակը մարեցին։
Անմիջական կասկածը այն էր, որ հրդեհը ազգայնամոլներու խուլիկանական արարքի մը արդիւնք էր։ Եթէ նոյնիսկ նման կասկածներ հաստատող ապացոյցներ չկային, բայց այդ կասկածը ինքնին ապացոյց է Թուրքիոյ մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու ամէնօրեայ անհանգիստ ու դժուար կացութեան։
Նկարին մէջ նորակառոյց մատուռը ծուխով պատուած։