ՌԻՆՕ, Նեւատա, «Էյ.Փի.».- Նեւատա նահանգի Ռինօ քաղաքի ոստիկանութիւնը Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1ին հաղորդեց, թէ ձերբակալած է կասկածելի մը, որ պատասխանատու կը նկատուի Երեքշաբթիէն Չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին պանդոկի մը մէջ ծագած հրդեհին, որուն հետեւանքով առնուազն վեց հոգի մահացած էին եւ 30 ուրիշներ՝ վիրաւորուած:
Նկարին մէջ, վիրաւոր մը կը հեռացուի հրդեհի վայրէն: