ԹԻՖԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշւիլի Ուրբաթ օր յայտարարեց, թէ կը փափաքի տեսակցիլ Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ՝ քանի մը օր առաջ ծագած «հրթիռային տագնապի» լոյսին տակ:
Վրաստան հրթիռի հարցով պահանջած էր ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նիստ մը, սակայն վերջինս Հինգշաբթի օր յետաձգեց նիստը, ըսելով, թէ յաւելեալ տեղեկութիւններու կարիքը կայ:
Սահակաշւիլի ըսաւ. «Կ’ուզենք սպառիչ հանդիպում մը ունենալ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, շինիչ եւ գործակցութեան մթնոլորտի մը մէջ: Կ’ուզենք լուծել մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող բոլոր հարցերը»:
Վրացի նախագահը աւելցուց, թէ «մեր քաղաքական նպատակն է լաւ յարաբերութիւններ ունենալ Ռուսիոյ հետ, սակայն մեր գերագոյն նպատակն է համարկուիլ եւրատլանտեան կառոյցներուն հետ եւ պահպանել մեր հողային ամբողջականութիւնը»:
Ռուսական կողմը մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ վրացական կողմը ինք բեմադրած է հրթիռի դէպքը: